Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փասատինայի Վարդերու Փառատօնին Հայկական Վարդասայլը Արժանացաւ Դատաւորներու Մրցանակին

Փասատինայի Վարդերու Փառատօնին Հայկական Վարդասայլը Արժանացաւ Դատաւորներու Մրցանակին

by MassisPost

Փասատինայի 128-րդ Rose Parade-ի պատասխանատուները  յայտարարեցին որ, Յունուար 1-ին տեղի ունեցած Վարդերու փառատօնի ընթացքին մրցանակի արժանացած մասնակիցներու շարքին էր նաեւ հայկական վարդասայլը:

«Հայկական Արմատները» անունով Ամերիկահայերու վարդասայլը պարգեւատրուեցաւ Դատաւորներու Մրցանակով, իր բացառիկ կառուցուածքին եւ ազդեցիկ ներկայացման համար:

Փառատօնին ներկայ եղան աւելի քան մէկ միլիոն ժողովուրդ: Ան ուղղիղ սփռուեցաւ  Ամերիկեան հեռատեսիլի ալիքներով`   Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ուր միլիոնաւորներ առիթը ունեցան տեսնելու հայկական Վարդասայլը: Հաղորդավարները բաւական երկար բացատրութիւններ տուին վարդասայլի եւ հայկական մշակոյթի մասին:

Նախագիծը պատրաստուած էր Հայ-Ամերիկեան Վարդասայլի Ընկերակցութեան  խորհուրդի անդամ Ճոննի Քանունջիի կողմէ, ներառնելով  ծաղկող նռան ծառի վրայ գտնուող կնոջ կիսանդրին: Ան կը  կրէր   աւանդական հայկական գլխարկներ եւ հագուստներ, որոնք զարդարուած էին մշակութային խորհրդանիշերով, մոմերով եւ գոյներով:

Ընկերակցութեան  խորհուրդի անդամ Մերի Տէր-Բարսեղեանի համաձայն, իրենք  ուզած են   աշխարհին ծանօթացնել հայ մշակոյթի մասին: «Փառատօնի այս տարուայ թեման էր, առանց ակնկալիքներու վերադարձնելը եւ մենք մտածեցինք հայ կնոջ մասին` մայրը, քոյրը, դուստր, որոնք միշտ հաւատարիմ են իրենց ընտանիքին եւ համայնքին առանց փոխադարձ ակնկալիքներու», – ըսաւ ան:

Այս պատճառաւ  ընկերակցութիւնը ընտրած էր  տեղական հայ համայնքէն   կանայք, որոնք  տեղ գրաւած էին վարդասայլի վրայ:

Անոնք էին` Հերմինէ Ճանոյեան, որ բազմաթիւ մրցանակներ  ստացած է իր հանրային ծառայութեան համար, Կրէյս Ստեփանեան, որ Քալիֆորնիայի Լոս Անճելըս համալսարանի ուսանողուհի է, Թելմա Ղազարեան Ալթուն, ծայրայեղ մարաթոնի մրցակից, ինչպէս նաեւ Ալին Տորեան, Ռամելա Մարգարեան, Սիլվա Մինասեան, Սիրվարդ Չիմայեան, Ալիս Պետրոսեան եւ Գարմէն Ազինեան Լիպարիտեան:

Վարդասայլի պատրաստութիւնը տեւած է մօտ մէկ ամիս եւ մօտ 600 կամաւորներ հերթափոխութեամբ մասնակցած են վարդերու տեղադրման աշխատանքներուն:

rose-float-1

rose-float-7

rose-float-6

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment