Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը ձայներու հսկայ տարբերութեամբ մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի որոշումը` Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի Մայրաքաղաք ճանչնալու կապակցութեամբ: 129 երկիրներ քուէարկեցին Ամերիկայի դէմ եւ միայն 9 փոքր երկիրներ Ամերիկայի հետ:
Տոնալտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու իր որոշումով եկաւ խախտելու 70 տարուայ Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներէն մէկը` քաղաքի վերջնական կարգավիճակի ճշդումը Իսրայէլի եւ Պաղեստինցիներու միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն ձգելու վերաբերեալ: Թրամփ անտեսելով ներքին ու արտաքին բազմաթիւ զգուշացումները, անգամ մը եւս դիմեց անհեռատես քայլի:
ՄԱԿ-էն ներս տեղի ունենալիք քուէարկութենէն առաջ Թրամփի կատարած սպառնալիքները` Ամերիկայի դէմ քուէարկող երկիրներուն նիւթական օժանդակութենէն զրկելու գծով, անտեսուեցան հարիւրէ աւելի երկիրներու կողմէ:
Թրամփի որոշումին դէմ կողմնորոշուեցան Ֆրանսան, Անգլիան, Գերմանիան, Ռուսաստանը, Չինաստանը եւ եւրոպական գրեթէ բոլոր պետութիւնները: Ճիշդ որոշում կայացուց նաեւ Հայաստանը, որու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եկաւ յայտարարելու որ, Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը միջազգային օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է եւ կրնայ լուծում ստանալ միայն բանակցութիւններու միջոցով:
Նախագահ Թրամփ միջազգային թատերաբեմին վրայ իր առած քայլերով կու գայ հաստատելու թէ, զուրկ է արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող բարդ հարցերը ճիշդ վերլուծելու եւ համապատասխան որոշումներ կայացնելու կարողութենէն:
Ինչ կը վերաբերի Թրամփի որոշումներուն չենթարկուող երկիրները Ամերիկեան օժանդակութենէն զրկելու մասին սպառնալիքին, հոս եւս ան կը սխալի: Այլ երկիրներուն յատկացուող նպաստներուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգները իր ազդեցութիւնը կը տարածէ այդ երկիրներէն ներս ու ձեռք կը ձգէ ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական շատ մը առաւելութիւններ` որոնք անհրաժեշտ են միջազգային գետնի վրայ Ամերիկայի ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնման գծով:
Այսպիսով ՄԱկ-ի որոշումը ապտակ մըն եղաւ Թրամփին ու նաեւ հարուած` Ամերիկայի միջազգային հեղինակութեան:
«ՄԱՍԻՍ»