Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՊՀ Երկիրներու Ղեկավարները Հանդիպած են Մոսկուայի Մէջ

ԱՊՀ Երկիրներու Ղեկավարները Հանդիպած են Մոսկուայի Մէջ

by MassisPost

ԱՊՀ անդամ երկիրներու ղեկավարները, աւանդոյթի համաձայն, Ամանորի նախաշեմին Մոսկուայի մէջ ոչ-պաշտօնական հանդիպում ունեցած են։

26 դեկտեմբերի երեկոյեան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի մերձմոսկովեան Նովօ-Օկարիովօ նստավայրին մէջ հետխորհրդային երկիրներու ղեկավարները շնորհաւորած են Փութինի Ամանորն ու յաջողութիւն մաղթած եկող տարի Ռուսաստանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն կապակցութեամբ:

Հանդիպման մեկնարկին Ռուսաստանի նախագահը յայտարարած է. – «Անցնող տարի ԱՊՀ երկիրները դրական ցուցանիշներ արձանագրած են, մասնաւորապէս՝ ապրանքաշրջանառութիւնը ԱՊՀ անդամ պետութիւններու միջեւ աճած է 25.7 տոկոսով»։

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է Ռուսաստանի կայունացնող եւ միաւորող դերը։

Սերժ Սարգսյանը, մասնաւորապէս նշած է, որ այս տարի Ռուսաստանի մէջ արձանագրուած «տնտեսական դրական միտումները դրականօրէն ազդած են նաեւ Հայաստանի ընդհանուր տնտեսական վիճակին վրայ»։

«Մենք մաղթում ենք Ձեզ յաջողութիւն եկող տարում։ Ոչ ոք չի կասկածում Ձեր յաջողութեանը։ Ուզում եմ, որ ամէն ինչ յաջող լինի՝ ի բարօրութիւն Ռուսաստանի ժողովրդի եւ մեր բարեկամութեան», – ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, ըսած է Հայաստանի նախագահը։

Իր երկրի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը Փութինի հետ կապած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Ալիեւ յայտարարած է, որ Ռուսաստանը կայունացնող գործօն է աշխարհի մէջ, եւ մեծ հեղինակութիւն ու առանցքային դերակատարութիւն ունի միջազգային ասպարէզէն ներս։

Ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի մէջ ոչ ոք  կը կասկածի, որ երեք ամիսէն Ռուսաստանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն ռուսաստանցիները ճիշդ ընտրութիւն պիտի կատարեն եւ պիտի յաղթէ Վլատիմիր Փութինը։

Պութինին յաջողութիւն մաղթելու եկած էին ԱՊՀ անդամ բոլոր երկիրներու նախագահները, բացառութեամբ Թուրքմէնիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի։ Ան զանգած էր Փութինին եւ յաջողութիւն մաղթած՝ հեռախօսով։

Նշենք, որ նախագահական ընտրութիւնները Ռուսաստանի մէջ պիտի կայանան 18 մարտի 2018-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment