Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի 18-րդ Պատգամաւորական Ժողովը

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի 18-րդ Պատգամաւորական Ժողովը

by MassisPost

Տեղի ունեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի 18-րդ պատգամաւորական ժողովը:

Կուսակցութեան Փասատինայի կեդրոնէն ներս կայացած ժողովին  ներկայ էր եւ  բացման խօսքով  հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ  Սարաֆեան: Ան ողջունելի նկատեց ժողովին յատկապէս  երիտասարդներու մասնակցութիւնը:

Կուսակցութեան   տարբեր մասնաճիւղերը  ներկայացնող պատուիրակները  միօրեայ ժողովի ընթացքին քննարկեցին կուսակցական ներքին կազմակերպչական, քաղաքական եւ ազգային տարբեր հարցեր, որոնք շուրջ առնուեցան համապատասխան որոշումներ եւ ընդունուեցան բանաձեւեր` որպէս ուղեցոյց յաջորդ տարիներուն համար:

Ժողովի աւարտին փակ քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ Կուսակցութեան նոր Վարիչ Մարմինի կազմը, ղեկավարելու համար  Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը` յաջորդ երկու տարիներուն:

Նորընտիր Վարիչ Մարինը իր անդրանիկ նիստի ընթացքին ընտրեց իր դիւանը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ  ընկերներէ` Գրիգոր Խոտանեան (ատենապետ), Գաբրիէլ Մոլոյեան (փոխ-ատենապետ)  եւ  Լենա Մանուկեան (քարտուղար):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment