Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանի Մէջ Արդար Դատաքննութեան Իրաւունքը Ապահովուած Չէ». Ա. Զեյնալեան

«Հայաստանի Մէջ Արդար Դատաքննութեան Իրաւունքը Ապահովուած Չէ». Ա. Զեյնալեան

by MassisPost

Դեկտեմբեր 26-ին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ ԱԺ «Ելք» դաշինք խմբակցութեան անդամ, պատգամաւոր Արտակ Զեյնալեան ըսած է թէ, անցեալ տարի տեղի ունեցած մարդու  իրաւունքներու խախտումներու  մասին խօսիլը դժուար է:   «Աւելի հեշտ է թոյլ չտալ, որ իրաւունքը խախտուի, քան զբաղուել դրանց հետեւանքների վերացմամբ: Մտահոգիչ է անձնական ազատութեան անձեռնմխելիութեան վիճակը: կալանք, ձերբակալութիւն, պահման պայմաններ: Եթէ մարդը կարիք ունի դատական պաշտպանութեան իրաւունքի, արդէն իսկ նրա արդար դատաքննութեան իրաւունքը խախտուած է, քանի որ չկան արդիւնաւէտ կառուցակարգեր այդ իրաւունքի ապահովման համար»,- ըսած է Զեյնալեան:

Անոր խօսքով, արդար դատաքննութեան բաղադրատարր հանդիսացող «ողջամիտ ժամկէտի իրաւունքը» ապահովելու համար բաւարար չափով դատաւորներ պիտի ըլլան, իսկ անոնց թիւը չափանիշէն երեք անգամ պակաս է:

Նոյն ասուլիսին մասնակցող Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէի նախագահ Աւետիք Իշխանեան իր կարգին յայտնած է որ,  Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքները համատարած կերպով կը խախտուին:

Իրաւապաշտպանը  յիշեցուցած է նաեւ Ազգային ժողովի եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները: Ան ըսած է. «Իշխանութիւնները կարողացան հասնել նրան, որ եղաւ քուէարկութիւն, ոչ թէ ընտրութիւն: – Քուէարկում է հպատակը, ընտրում է քաղաքացին: Մենք եկանք այդ վիճակին: Խօսել ընտրութիւնների մասին 90-ականներից անիմաստ է», – եզրակացուցած է Իշխանեան:

Աւետիք Իշխանեան անդրադարձած է նաեւ նախընտրական շրջանին մարդու իրաւունքներու խախտումներուն. – «Աշխատանքային  իրաւունքները պէտք է պաշտպանուեն: Յիշենք «ՍԱՍ»-ի դէպքը… որ մարդիկ ազատ լինեն իրենց աշխատանքի մէջ, ճնշման տակ ստրկական աշխատանք  չլինի, հալածանքի  չենթարկուեն: Նոյն դպրոցների հարցը: մարդիկ ազատ լինեն, պիզնեսը ազատ լինի, չպիտի ինչ-որ ուժի ներքոյ լինի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment