Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Կողմնակիցներէն Երկուքը Ուաշինկթընի Դատարանին Մէջ Ընդունած են Իրենց Մեղքը

Էրտողանի Կողմնակիցներէն Երկուքը Ուաշինկթընի Դատարանին Մէջ Ընդունած են Իրենց Մեղքը

by MassisPost

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի կացարանի դիմաց Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակած երկու թուրք ընդունած են իրենց մեղքը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, այս մասին յայտնած է «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Վրճինիա բնակող 45-ամեայ Սինան Նարին եւ Նիւ Ճըրզի բնակող 50-ամեայ Էյուպ Եըլտըրըմ Քոլոմպիայի դատարանէն ներս ընդունած են «ծանր վնասուածքներու պատճառ դարձած յարձակում գործելու» մեղադրանքը:

Դատախազը անոնց համար պահանջած է մէկ տարի եւ մէկ օր ազատազրկում:

Նշենք, որ Սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն բանտին մէջ հանդիպած էր Սինան Նարինին եւ Էյուպ Եըլտըրըմին:

Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ 16 Մայիսին կազմակերպուած խաղաղ ցոյցի մասնակիցները խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու կատաղի յարձակման թիրախ դարձած էին: Մի քանի վիրաւորներ արնաշաղախ հիւանդանոց տեղափոխուած էին: Յայտնի է, որ յարձակում իրականացնողներու շարքին եղած են նաեւ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները: Աւելի ուշ յայտնուած տեսանիւթին մէջ երեւցած էր, թէ ինչպէս Էրտողան ցուցարարներուն վրայ յարձակելու հրահանգ կու տայ:

Ուաշինկթընի քաղաքապետ Մուրիել Պոուսերը եւ ոստիկանապետ Փիթըր Նշեմ 15 Յունիսին կայացած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած էին, որ 16 մայիսին խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակում իրականացուցած՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմնակից խումբի 12 անդամի ձերբակալութեան հրաման տրուած է:

Յարձակման մասնակից ԱՄՆ երկու թուրք քաղաքացի ձերբակալուած էին:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը 6 յունիսին միաձայն ընդունած էր թիւ 354 երկկուսակցական բանաձեւը, որ կը դատապարտէ 16 մայիսին ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրի դիմաց Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներու կողմէն խաղաղ ցուցարարներու դէմ բռնութիւնը եւ կոչ կ’ընէ օրինազանցները ենթարկել քրէական պատասխանատուութեան եւ քայլեր ձեռնարկել նմանատիպ միջադէպերը բացառելու համար: Բանաձեւին կողմ քուէարկած են 397 ներկայացուցիչ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment