Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Կուսակիցը Խորհրդարանին Մէջ Փորձած է Յարձակիլ Կարօ Փայլանին Վրայ

Էրտողանի Կուսակիցը Խորհրդարանին Մէջ Փորձած է Յարձակիլ Կարօ Փայլանին Վրայ

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ կրկին յարձակումի ենթարկուած է իշխանական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու կողմէ:

Հայ պատգամաւորը իր ելոյթի ժամանակ կոչ ըրած է Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Նաճի Աղպալին յատուկ ուսումնասիրութիւն սկսելու  նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ու վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի ընտանիքի անդամներուն` Մեն կղզիին մէջ անդրցամաքային ընկերութիւններու հետ կապի վերաբերեալ:

Ատոր ի պատասխան` բարկացած նախարարը փորձած է վիրաւորել Փայլանը. «Դուք երեւի վերջին մարդն էք, որմէ պէտք է բարոյականութեան դաս առնենք, սակայն այդ ալ չէք: Սա յատուկ կ՛ուզեմ շեշտել. դուն այս խորհրդարանին մէջ նոյնիսկ ամենավերջին մարդն ալ չես»:

«Ամբարտաւանութիւն չընես», – զգուշացուցած է Փայլան թուրք նախարարին, որուն ի պատասխան` վերջինս տեղէն ելած ու քալած է Փայլանի ուղղութեամբ` փորձելով յարձակիլ անոր վրայ: Վէճին խառնուած են նաեւ այլ պատգամաւորներ:

Լարուածութեան պատճառով խորհրդարանի նիստը ստիպուած եղած են ընդհատելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment