Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աթեշեան․ Պէքճեան Ետ Պէտք է Կանգնի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահի Պաշտօնէն

Աթեշեան․ Պէքճեան Ետ Պէտք է Կանգնի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահի Պաշտօնէն

by MassisPost

Պոլսոյ հայ համայնքը նոր հոգեւոր առաջնորդ պիտի չունենայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեան  ետ չէ կանգնած Պատրիարքի տեղապահի պաշտօնէն եւ ամէն ինչ չէ վերադարձած իր հին վիճակին։ Երէկ նման յայտարարութիւն ըրած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական աթոռի միաբան Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեան։

Իրեն անուանելով պետութեան կողմէ ընդունուած Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, Աթեշեան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեն ընդունիր 15 մարտին Պատրիարքարանի հոգեւորականներու կողմէ տեղապահ ընտրուած Գարեգին  արք.  Պէքճեան ը։ Աթեշեան ըսած է, որ այդ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են առանց իշխանութեան համաձայնութեան։

«Մենք Պատրիարքին հանգիստի կոչելու իրաւունք ալ չունինք: Պատրիարք ընտրողներու 7-էն մէկը  հոգեւորականներ են, 7-էն 6-ը աշխարհականներն են, եւ մենք աշխարհականներով՝ առանց հարցնելու, ինքնագլուխ, Պատրիարքին հանգստեան կոչեցինք․ ի՞նչ իրաւունքով», – ըսած է Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեան Երեւանի մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ: «Ես կը նախազգուշացնէի անոնց, որ մենք այդ իրաւունքը չունինք», – շեշտած է ան։

Յիշեցնենք, որ դեռ այս տարուայ օգոստոսին պատրիարքական ընտրութիւնները նախաձեռնող խումբը դիմած էր Պոլսոյ նահանգապետարան՝ առաջարկելով նոր Պատրիարքի ընտրութիւնները իրականացնել 13 դեկտեմբերին: Կ’ակնկալուէր, որ Պոլսոյ նահանգապետարանը դիմումին պէտք է պատասխանէր մինչեւ 9 հոկտեմբեր, սակայն մինչ օրս որեւէ արձագանգ չէ եղած: Աթեշեան երէկ  համոզմունք յայտնած է, որ պատասխան պիտի չի ալ ըլլայ, քանի որ իշխանութիւնը Պէքճեան ին՝ հետեւաբար նաեւ ընտրութիւններու արդիւնքները չընդունիր։ Արքեպիսկոպոսի խօսքով, Պոլսոյ նահանգապետարանէն ալ ըսած են՝ «ընտրութիւն կ’ուզէք, ուրեմն ամէն ինչ վերադարձուցէք հին վիճակին»։

«Ազատութեան» հարցին, թէ ի վերջոյ ինչպէ՞ս պէտք է հանգուցալուծուի տարիներ շարունակ ձգձգուող հարցը, Աթեշեան արձագանգած է. – «Գարեգին սրբազանն է՝ ինքը պիտի որոշէ: Եթէ ընտրութիւն կ’ուզէ, եւ պետութիւնը իրեն չի ճանչնար, ուրեմն պիտի ըսէ՝ «մնաք բարով, ես մէկ կողմ կը քաշուիմ»:

«Իսկ ան կ’ուզէ մէկ կողմ քաշուիլ, թէ՞ չէ»,  հարցին արքեպիսկոպոսը պատասխանած է․ – «Եթէ ինծի նամակ գրեն, կը քաշուիմ», -ըսած է:

Իսկ այն հարցին, թէ «եթէ Գարեգին Պէքճեան ը ետ չկանգնի, ի՞նչ պիտի ըլլայ», – Արամ Աթեշեան արձագանգած է․ – «Չեմ գիտեր, այսպէս կը շարունակուի: Եւ մենք ըսինք Գարեգին սրբազանին, աշխարհականներէն ալ ոմանք ըսին․ առայժմ յամառօրէն կը մնայ»:

Պատրիարքի ընտրութիւններու ձգձգման հարցը պարզաբանելու պահանջով մօտ մէկ շաբաթ առաջ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոելուին դիմած էր նաեւ երկրի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։ Անոր նամակը հաւանաբար եւս անպատասխան կը մնայ,  ըսած է Աթեշեանը։ Հոգեւորականը նաեւ յայտարարած է, որ Փայլանի ելոյթներու պատճառով պոլսահայ համայնքին մէջ անհանգստութիւն կայ․ – «Խորհրդարանին մէջ իր այդ խօսելու, պոռալու, կանչելու պատճառով մենք կը կորսնցնենք մեր իրաւունքները: Պէտք է հասկնաք այլեւս: Դուք Հայաստանի մէջ ազատ-ազատ կը խօսիք, մեր տեղը դուք չէք, անոր համար չէք հասկնար մեզ»:

Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեան, որ Պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին է 2010-էն, բազմիցս քննադատութեան ենթարկուած է Էրտողանի կառավարութեան նկատմամբ իր լաւ վերաբերմունքի պատճառով։ Երէկ ան պնդած է, որ այդ մէկը կը բխի համայնքի շահերէն։ Ըստ հոգեւորականին, 70-հազարանոց հայ համայնքին մէջ իրեն համակրողները քիչ չեն, պարզապէս քննադատներու ձայնը բարձր կը լսուի։

«Ութը տարուան մէջ ոչ մէկը չգրեց, չխօսեցաւ իմ յաջողութիւններու մասին: Ինձ միշտ ըսին, որ «Աթեշեանը Էրտողանի եղբայրն է», այստեղ ձեր թերթերէն մէկ-երկուքը այդպէս գրեցին, ես ալ պատիւ կը զգում, ըսի, եթէ ես մի երկրի նախագահին հետ լաւ եմ, վարչապետին հետ լաւ եմ, նախարարին հետ լաւ եմ, այդ իմ համայնքի շահն է», – յայտարարած է արքեպիսկոպոսը:

Աթեշյանի հասցէին հնչած բուռն քննադատութիւններէն լրագրողները յիշած են անոր յայտնի նամակը Թուրքիոյ նախագահին։ 2016-ի յունիսին, երբ գերմանական Պունտեսթակը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Աթեշեան նամակ յղեց Էրտողանին՝ հայ համայնքի անունով  ափսոսանք յայտնելով գերմանացի օրէնսդիրներու որոշման համար։ Արքեպիսկոպոս Աթեշեան պնդած է, որ ինք վարուած է այնպէս, ինչպէս նախկին պատրիարքները․ – «Չէ, վիրաւորանք չէ [հայ ազգի նկատմամբ], ընդհակառակը՝ ես իմ նախորդներու ճանապարհով քալած եմ, իմ համայնքի շահը ինչ պահանջէ, ես այդպէս պարտաւոր եմ ընել եւ պի՛տի ընեմ»:

Ամիսներ առաջ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի նախկին փոխանորդը յայտարարած էր, որ անոնք, որոնք համայնքին մէջ կ’ընդվզին իր թեկնածութեան դէմ, «անկիրթներ են»։ Երէկ Աթեշեանին յիշեցուցած են նաեւ այդ մասին, ան ալ հակադարձած է․ – «Բառային խաղ մի՛ ընէք, ոչ թէ այն անձինք, որ իմ անձի դէմ են, այլ անոնք, որոնք հոգեւորականին անկիրթ ձեւով կը հայհոյեն»: «Համայնքը Ձեր դէմ է», – ըսիք, ես ալ ըսի, որ համայնքը իմ դէմ չէ, անկիրթները, որոնք ինձ կը հայհոյեն, անոնք իմ դէմ են», – աւելեցուցած է ան:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը առաջացած է այժմ նախկին Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի անգործունակ ճանչցուելու պատճառով: Մութաֆեան 2008 թուականէն ի վեր ծանր հիւանդ է, եւ անոր ուխտը անցած տարի լուծարուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment