Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի Մանուկներ Հիմնադրամի Կալա Երեկոյին 3.6 Միլիոն Տոլար Հանգանակուած է

Հայաստանի Մանուկներ Հիմնադրամի Կալա Երեկոյին 3.6 Միլիոն Տոլար Հանգանակուած է

by MassisPost

Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի (COAF) 14-րդ ամենամեայ դրամահաւաք-երեկոյի ընթացքին հանգանակուած է 3.6 միլիոն ԱՄՆ տոլար։ Հանգանակուած ամբողջ հասոյթը պիտի ծառայէ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներուն՝ յատուկ շեշտ դնելով SMART նախաձեռնութեան վրայ։

Նիւ Եորքի ամենամեծ բարեգործական միջոցառման ներկայ եղած են արուեստի աշխարհի մէջ համաշխարհային հռչակ վայելող Թոնի Շաֆրազեան, «Էմմի» եւ «Թոնի» մրցանակներու դափնեկիր, դերասանուհի Անտրէա Մաթին, ձեւաւորող Մայքլ Արամ, խոհարար Ճեֆրի Զաքարեան, դերասանուհի եւ երգչուհի Վանեսա Ուիլիըմզ։

«COAF-ի մարդասիրական մրցանակ»ը շնորհուած է «Էմմի» մրցանակի դափնեկիր, հագուստի ձեւաւորող Պաթրիսիա: Ֆիլտը, որ հայկական եւ յունական արմատներ ունի, Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի վաղեմի աջակիցն է, կը քաջալերէ մարդոց իրացնել իրենց ամբողջ ներուժը, ըլլալ իւրօրինակ ու հասնիլ անհատական կատարելութեան։

Երեկոյի յատուկ հիւրերն էին Հայաստանէն ժամանած երաժիշտներ 14-ամեայ սաքսիֆոնահար Ալեքսանտր Աւետիսեանը եւ 9-ամեայ վոքալիսթ Անի Մարգարեանը։ Կալա-ընթրիքին  մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են ունկնդրելու լեռնագոգցի (Արմաւիր) 16-ամեայ Նարէ Գալստեանին։ Ան վառ գոյներով պատմած է, թէ ինչպէս COAF-ը   յաջողած է փոխել  իր կեանքը։

Աշխարհահռչակ հանգանակիչ Սայմըն տէ Պիւրին աշխուժութիւն ապահոված է իր վարած աճուրդի ամբողջ ընթացքին։ Ներկայացուած են COAF-ի առաքելութեան նուիրաբերուած արուեստի եզակի գործեր՝ յայտնի արուեստագէտներ Էտ Ռուշայի, Ռիչարտ Փրինսի, Քենի Սքարֆի եւ Պատրիկ Տեմարշելիէի կողմէն։ Աճուրդին վաճառուած է նաեւ հայ-ամերիկեան աշխարհահռչակ արձակագիր Ուիլիըմ Սարոյեանի գործերէն մէկը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment