Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Կողմէ Կաշառուած են Շուէտի ԱԳՆ-ի Կողմէ ֆինանսաւորում Ստացող Հիմնարկն ու Տնօրէնը

Ատրպէյճանի Կողմէ Կաշառուած են Շուէտի ԱԳՆ-ի Կողմէ ֆինանսաւորում Ստացող Հիմնարկն ու Տնօրէնը

by MassisPost

Շուէտական առաջատար «Dagens Nyheter» թերթը Ատրպէյճանի՝ կաշառակերական գայթակղութւններու մէջ ներգրաւուած ըլլալու մասին նոր բացայայտումներ ներկայացուցած է: Ըստ թերթին, Շուէտի Արտաքին Գործոց նախարարութեան  կողմէ ֆինանսաւորուող Քաղաքական անվտանգութեան եւ զարգացման Սթոքհոլմի հիմնարկի (ISDP) տնօրէն Սվանթէ Քորնելին Ատրպէյճանի կողմէ կաշառուած է, հիմնարկն ալ աշխատած  է  արտերկրի մէջ Ատրպէյճանի դրական վարկանիշ ապահովել։

«Dagens Nyheter» թերթը բացայայտած է, որ Քաղաքական անվտանգութեան եւ զարգացման Սթոքհոլմի հիմնարկը կը հովանաւորուի ատրպէյճանական լոպպիստական  կազմակերպութեան կողմէ, իսկ Քորնելին կը գտնուի Ատրպէյճանի վարչակազմի կողմէ ֆինանսաւորուող խորհուրդին մէջ։

Սվանթէ Քորնելին յայտնի է որպէս Ատրպէյճանի հարցերով փորձագէտ, որուն յաճախ նաեւ  մեղադրած են  ատրպէյճանական իշխող ռեժիմի անունը «սրբագրելու» առաքելութիւն կատարելու մէջ։ Շուէտական թերթը բացայայտած է, որ Քորնելին եւ ISDP-ն  սերտ յարաբերութիւններու մէջ են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ։

Թերթը կը վկայակոչէ այն հանգամանքը, որ ISDP-ն ֆինանսաւորում կը ստանայ նաեւ «Telia Sonera» ընկերութենէն: ISDP-ի միւս հովանաւորը «Եւրոպական Ատրպէյճանի հասարակութիւն» լոպպիստական կազմակերպութիւնն է, որ ըստ The Economist 1843 ամսագրին, կը պատկանի Ատրպէյճանի նախարարներէն մէկուն որդիին։

վանթէ Քորնելին   նաեւ «Կովկաս»  միջազգային հետազօտական կեդրոնի  անդամ է, որ կը ֆինանսաւորուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Կեդրոնի նպատակն է արտերկրի մէջ  նպաստել Ատրպէյճանի դրական պատկերի ստեղծմանն ու պահպանման։

Թերթը նաեւ նշած է, որ իրենց կողմէ ներկայացուած բացայայտւմներու առնչութեամբ գրաւոր հարցմամբ դիմած են  Շուէտի ԱԳՆ-ին: Ի պատասխան Շուէտի արտաքին գործոց գերատեսչութենէն թերթին տեղեկացուցած են, որ յիշեալ կազմակերպութեան հետ առնչութիւնը եղած է փորձագիտական ծառայութիւններու մատուցման մակարդակով եւ նախարարութիւնը պատասխանատուութիւն չի կրեր կազմակերպութեան գործունէութեան միւս ոլորտներու առնչութեամբ.

«ISDP-ի աշխատակիցներու վերաբերեալ թեմաները պէտք է ուղղել այդ ընկերութեան»,- թերթին փոխանցած են Շուէտի ԱԳՆ-էն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment