Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուսանողները Չեն Ընդունիր Իշխանութեան Կոչն ու կը Շարունակեն Հացադուլը

Ուսանողները Չեն Ընդունիր Իշխանութեան Կոչն ու կը Շարունակեն Հացադուլը

by MassisPost

Իշխանութիւնները «Յանուն գիտութեան զարգացման» նախաձեռնութեան անդամներուն կոչ կ’ընեն դադրեցնել 18 դեկտեմբերին մեկնարկած հացադուլն ու վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան։ Ազգային ժողովի փոխնախագահ էտուարտ Շարմազանով «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ կարծիք յայտնած է, թէ ուսանողներու հետ խորհրդարանէն ներս կազմակերպուած կլոր սեղան ձեւաչափով նախորդ հանդիպման դրական առաջընթաց  արձանագրուած է եւ որ Կառավարութիւնն այժմ ալ պատրաստ է շարունակել քննարկումները։

«Հիմա էլ խնդրում եմ իրենց դադարեցնել հացադուլը, վերադառնալ կառուցողական փուլ», – ըսած է ան:

Հանրապետական մէկ այլ պատգամաւոր՝ Հրայր Թովմասեան իր հերթին ընդգծած է, որ բանակցութիւնները միշտ ալ նախընտրելի են՝ բողոքի ծայրայեղ միջոցներէն: – «Ինչ-որ լուծումներ, իմ տպաւորութիւնը այնպիսին էր, որ նշմարւում է: Կոչ եմ անում դադարեցնել հացադուլը եւ շարունակել քննարկումները արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու համար», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է պատգամաւորը:

Տարկէտման իրաւունքի պահպանման համար ԵՊՀ լսարաններէն մէկուն մէջ փակուած Դաւիթ Պետրոսեանն ու Յակոբ Աւագեանը մինչդեռ յայտարարած են, որ պիտի չդադրեցնեն հացադուլը եւ մտադիր են ԲՈՒՀ-ի մէջ գիշերել, մինչեւ որ  իշխանութիւնը բաւարարէ իրենց պահանջը։

«Մենք ասել ենք, որն է մեր պահանջը: Երբ որ սպառիչ պատասխան տան, նոր կը մտածենք յետագայ քայլերի մասին», – յայտարարած է Պետրոսեան:

Հակառակ բանակցութիւններու վերադառնալու՝ հանրապետական պատգամաւորներու կոչին, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակած է ուսման նպատակով տարկէտման պայմանագիր կնքելու կարգի նախագիծը։ «Յանուն գիտութեան զարգացման» նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Պետրոսեանի խօսքով, այս հրապարակմամբ անգամ կը եւս կը փաստուի, որ իշխանութիւնները որեւէ առաջարկ լսելու ցանկութիւն չունին։  «Դա մեզ համար նորութիւն չէ ու դա միայն Պաշտպանութեան նախարարութեան վարքագիծը չէ, դա ընդհանուր համակարգից է գալիս, որ համակարգը փակ է ու եթէ մի բան որոշուել է, պատրաստ չեն քննադատութեան կամ ինչ-որ նոր առաջարկ լսելու», – յայտարարած է Պետրոսեանը:

Հացադուլի առաջին գիշերը ըստ Դաւիթ Պետրոսեանի անցած է առանց միջադէպերու, համալսարանի անվտանգութեան աշխատակիցները լսարան ազատելու կոչեր չեն ըրած, գործողութիւններու չեն դիմած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment