Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ելք»ը Դիմած Է Ծառուկեան Դաշինքին` Նախագահի Իրենց Թեկնածուին Սատարելու

«Ելք»ը Դիմած Է Ծառուկեան Դաշինքին` Նախագահի Իրենց Թեկնածուին Սատարելու

by MassisPost

«Ելք» դաշինքը նախագահի թեկնածու առաջադրելով, կը  փորձէ ցոյց տալ, որ կրնայ իշխանութեան հակակշիռ ըլլալ եւ պատրաստ է իր վրայ պատասխանատուութիւն վերցնել՝ ղեկավարելու երկիրը: Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ելք խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Սարգսեանը:

Ելք ընդդիմադիր դաշինքը նախագահի թեկնածու առաջադրած է Արտակ Զեյնալեանը եւ Ծառուկեան դաշինք խմբակցութեան դիմած է, որպէսզի սատարեն իրենց թեկնածուին: Արամ Սարգսեան ըսած է, որ իրենք այսպիսով կ’ուզեն ցոյց տալ, որ  որպէս ընդդիմութիւն պատրաստ են մասնակցիլ քաղաքական գործընթացներուն, ունին համապատասխան միջոցներ եւ ծրագրային նպատակներ:

«Կայ իշխանութեանը զուգահեռ գործող համակարգ, որը պատրաստ է իր վրայ պատասխանատուութիւն վերցնել: Իսկ թէ գործընթացներն ինչպէս կը ստացուեն՝ յաջողուած, թէ՞ անյաջող, դա արդէն ժամանակի խնդիր է: Մենք գտնում ենք, որ այս առաջադրումը Ելք դաշինքի կողմից միանշանակ դրական ազդեցութիւն է ունենալու մեր դաշինքի համար»,- ըսած է ան:

Հարցին, թէ թերեւս իրենց բանակցութիւններու արդիւնքով յստականայ, թէ ՝ իրօ՞ք Ծառուկեան դաշինքը ընդդիմադիր ուժ է, թէ ոչ, Արամ Սարգսեան պատասխանած է. «Մենք ուզում ենք ցոյց տալ, որ արժանի ուժ ենք՝ իշխանութեանը փոխարինելու համար: Իսկ ով է ընդդիմադիր, թէ ընդդիմադիր չէ, իրենց հարցրէք: Այսօր գործընթաց է գնում, մենք դիմել ենք Ծառուկեան դաշինքին, իրենք ԱԺ-ում ընդդիմադիր խմբակցութեան բոլոր հնարաւորութիւններից օգտուել են, հետեւաբար փաստացի մեր երկրի օրէնքներով իրենք ընդդիմադիր են: Դա իրենց որոշելու խնդիրն է՝ կը պաշտպանեն մեր թեկնածուին, թէ այլ մէկին: Մենք մեր քայլն արել ենք, մենք գտնում ենք, որ Արտակ Զեյնալեանն արժանի մարդ է՝ նոր Սահմանադրութեամբ ՀՀ նախագահի պաշտօնը զբաղեցնելու համար», ըսած Արամ Սարգսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment