Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ական Պատգամաւորները Պէտք է Զրկել Մանդատէն․ Արմէն Մկրտչեան

ՀՀԿ-ական Պատգամաւորները Պէտք է Զրկել Մանդատէն․ Արմէն Մկրտչեան

by MassisPost

Վերջին օրերուն մեծ աղմուկ բարձրացուցած են Հանրապետական կուսակցութեան որոշ պատգամաւորներու արտայայտած միտքերը։ ՀՀԿ-ական պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեան, անդրադառնալով ապրանքներու գիներու բարձրացման, կարծիք յայտնած էր, թէ աղքատը այսպէս թէ այնպէս քիչ կը ծախսէ, իսկ ՀՀԿ-ական մէկ այլ պատգամաւոր՝ Խոսրով Յարութիւնեանն ալ, պաշտպանելով այս «թէզը»՝ ըսած էր․ «Պատկերացրէք՝ կայ ընտանիք, որը միայն կարտոֆիլ (գետնախնձոր) է օգտագործում: Հիմա, եթէ միսը թանկ է կամ էժան, ինքը միեւնոյնն է՝ գումար չունի միս գնելու, շարունակում է կարտոֆիլ օգտագործել․․․»։

ԼՈւՐԵՐ․com-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան քաղաքական դիւանի պատասխանատու Արմէն Մկրտչեան, անդրադառնալով ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն, նշած է, որ թերեւս լաւագոյն տարբերակը կ’ըլլար արհամարհել այդ երկու պատգամաւորներուն, բայց հարցը հասարակական հնչեղութիւն ստացած է, ուստի պէտք է մինչեւ վերջ պայքարիլ։

«Անգամ Յակոբ Յակոբեանի համերկրացիները՝ մարտունեցիները յայտարարութիւն արեցին՝ համաձայնելով, որ իրենց համաքաղաքացին լկտի պահուածք է դրսեւորել։ Այս երկու պատգամաւորներն իրենց ցինիզմով ուզում են ապացուցել, որ ինչ կատարւում է երկրում՝ օրինաչափ է եւ որեւէ մէկը պատասխանատուութիւն չի կրելու դրա համար։ Երէկ մեր կուսակցութիւնը յայտարարութիւն տարածեց՝ պահանջելով խստագոյնս պատժել երկու պատգամաւորներին»,- ըսած է ան, ընդգծելով, որ այնպիսի տպաւորութիւն է, որ ոեւէ մէկը կրնայ գլխուն փչած յիմարութիւնը, ժողովուրդին ուղղուած բացասական եւ լկտի խօսքը արտայայտել հանրային կերպով եւ պատասխանատուութեան չենթարկուիլ։

Մկրտչեանը նկատել տուած է, որ պատգամաւորներուն առաւելութիւն տուող թուղթը մանդատն է, ուստի առաջին հերթին պէտք է զրկուին իրենց մանդատներէն, եւ երկրորդ՝ իրենց խորհրդարան մտցուցած քաղաքական ուժի կողմէն ստանան հրապարակային նկատողութիւն։

ՍԴՀԿ քաղաքական դիւանի պատասխանատուի կարծիքով լրատուամիջոցները եւս պէտք է աջակցին հասարակական դժգոհութեան ալիքին եւ սա պէտք չէ ըլլայ այն դէպքերէն, որ մէկ-երկու շաբաթ խօսին եւ ետքը մոռցուի։ Պէտք է անընդհատ ուշադրութեան կեդրոնին պահել։ Իսկ իրենք՝ որպէս քաղաքական ուժ, կը պատրաստուին քայլեր ձեռնարկել՝ խնդրին առաւել հնչեղութիւն տալու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment