Ժողովրդավարական հասարակարգերու մէջ գործող կուսակցութիւնները կը ներկայացնեն տուեալ երկրի ժողովրդային այս կամ այն շերտերու շահերը եւ ընտրութիւններու ընթացքին իրենց ձայները կ’ապահովեն ժողովուրդի այն խաւերէն, որոնց օգտակար դառնալու համար աշխատած են տարիներու ընթացքին:
Օրինակի համար, հոս Ամերիկայի մէջ Հանրապետականները ընդհանրապէս կը պաշտպանեն հարուստ դասակարգի շահերը, իսկ Դեմոկրատները ճանչցուած են որպէս միջին եւ աղքատ դասակարգի շահերու պաշտպան կուսակցութիւն: Երկուքն ալ իրենց քուէներու մեծ մասը կ’ստանան համապատասխանաբար այդ խաւերէն:
Հայաստանի մէջ քաղաքական այս հասկացութիւնները շրջուած են: ՍերԺ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական Կուսակցութիւնը իր ամբողջ ներուժը կ’օգտագործէ փոքրաթիւ մեծահարուստներու շահերը պաշտպանելու համար, սակայն ընտրութիւններու ընթացքին իր ստացած քուէներու մեծագոյն մասը կ’ապահովէ ժողովուրդի աղքատ դասէն` քսան տարիէ իշխանութիւնը պահելով իր ձեռքերուն մէջ:
Վերջին օրերուն հրապարակուեցան երկու զեկոյցներ, որոնք կու գան զիրար ամբողջացնելու: Ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Եւրոպացի դիտորդները հրապարակեցին իրենց վերջնական զեկոյցը, ուր կը յայտնուի թէ, ընտրութիւններու ընթացքին համատարած կաշառքի բաշխումը եկած է ստուերելու ընտրութիւններու արդիւնքները: Երկրորդ զեկոյցը կը վերաբերի աղքատութեան մակարդակին: Պաշտօնական տուեալներով Հայաստանի ժողովուրդի մէկ երրորդը` 880 հազար մարդ աղքատ է: Այս թիւը մօտ է քուէներու այն թիւին, որ ՀՀկ-ն ստացաւ վերջին ընտրութիւններու ընթացքին:
Որդեգրուած ձեւը մէկն է: Նախ ժողովուրդը աղքատութեան մատնել, տարիներ շարունակ պահել այդ վիճակի մէջ եւ ապա ընտրութիւններու ընթացքին 10 հազարական դրամով (20 տոլար) գնել անոնց ձայները:
ՀՀԿ-ն գտած է միահեծան իշխանութիւնը պահելու գաղտնիքը` Հայաստանի 880 հազար աղքատները դարձնելով իր քուէներու գլխաւոր շտեմարանը եւ ընտրութիւենէ-ընտրութիւն` առանց մեծ դժուարութեան ապահովելով անոնց ձայները:
«ՄԱՍԻՍ»