2017-ի յունուար-սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին ՀՀ զինուած ուժերու եւ ԼՂ պաշտպանութեան բանակի մէջ մահացած է 46 զինծառայող: 46 զինծառայողներէն 29-ը ժամկէտային զինծառայողներ են, 17-ը՝ պայմանագրային:
Արձանագրուած մահուան դէպքերէն 17-ը տեղի ունեցած է ՀՀ-ի, 29-ը՝ ԼՂ-ի մէջ: Իսկ եթէ այս 46 դէպքին գումարուին նաեւ հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներու զոհերը, ապա դէպքերու քանակը կը հատէ 56-ի շեմը:
Բանակի խնդիրներով զբաղուող «Զինուոր» համակարգող խորհուրդի նախագահ Մարկարիթա Խաչատրեանի կարծիքով 56 դէպքը շատ է, բայց պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրի համար հասկնալի է:
«Ցաւում եմ, որ 11 ամսուայ մէջ 56 կորուստ ունենք, բայց քանի Ղարաբաղի խնդիրը չի լուծուել, մենք կ’ունենանք նոր կորուստներ: Ես վախի զգացողութիւն ունեմ, որ գնալով զոհերի թիւը կ’աճի»,- «ժամանակ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է տիկին Խաչատրեանը: