Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սամուէլ Բաբայեանը Դատապարտուեցաւ Վեց Տարուայ Ազատազրկման

Սամուէլ Բաբայեանը Դատապարտուեցաւ Վեց Տարուայ Ազատազրկման

by MassisPost

Դատարանը 6 տարուայ ազատազրկման դատապարտած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեանին, անօրինական ճանապարհով «Իգլա» զենիթահրթիռային  համալիր ձեռք բերելու եւ փողերու լուացման մեղադրանքներով:

Սամուէլ Բաբայեանի կողմնակիցները նշած են, որ սա քաղաքական պատուէր էր, որեւէ  իրաւական հիմքեր չկային անոր ազատազրկելու համար: Նշուած է նաեւ, որ հերոսի հետ այդպէս պէտք չէ վարուէին:

Ինքը Բաբայեանը դատարանին մէջ յայտարարած է, որ պատուէրը կատարուած է, եւ պատուէր տուողը Հայաստանի մէջ մէկն է: Աւելի վաղ  ան յայտարարած էր, թէ գիտէ ինչու իրեն բանտարկած են, բայց այդ մասին կը խօսի յետոյ: Սամուէլ Բաբայեանը կը խուսափէր ինքզինքը քաղաքական բանտարկեալ համարելէ, հակառակ կողմնակիցներու յայտարարութիւններուն: Իսկ մեղադրանքներու մասով էր, որ Իգլան իրականութեան մէջ «տռուպա» էր, քանի որ կը բացակայէին անհրաժեշտ մարտական մասերը, իսկ փողը ստացած է օրինական ճանապարհով:

Սամուէլ Բաբայեան, երկար ժամանակ գտնուելով Մոսկուա, Հայաստան վերադարձաւ  անցեալ տարուայ ամրան, ապրիլեան պատերազմէն ետք: Ան մեկնեցաւ  Արցախ, եւ այդ այցը բաւական աղմկոտ եղաւ: Շատերը կը  խօսէին այն մասին, որ ան այնտեղ շարժում պիտի սկսի, նկատի ունենալով նաեւ արցախցիներու դժգոհութիւնները  իշխանութեան թէ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան, թէ ապրիլեան պատերազմի իրողութիւններու ծիրէն ներս:

Սակայն անոր փաստացի վտարեցին Ղարաբաղէն, Ազատամարտիկներու միութեան մէջ յայտնի ժողովի արդիւնքով, ծեծի ենթարկելով նաեւ անոր կողմնակիցին, որ աւելի շատ  զգուշացում էր Սամուէլ Բաբայեանին:

Բացի այդ, Սամուէլ Բաբայեանի այցը Արցախ աղմկոտ էր նաեւ անոր յայտարարութիւններու պատճառով, երբ ան կրկնեց ապրիլեան պատերազմի վերաբերեալ Սերժ Սարգսեանի թէզերը, մասնաւորապէս կորսնցուցած տարածքներու մասին:

Հայաստանի մէջ Բաբայեանը մտաւ նախընտրական պայքարի մէջ, ՕՐՕ դաշինքի շրջանակէն ներս, եւ ինչ որ պահէ` մամուլը սկսաւ գրել այն մասին, որ Բաբայեանը դարձած է դաշինքի համակարգող ու միանձնեայ որոշող:

Կայ տեսակէտ, որ անոր ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է ընտրական  գործընթացներու պատճառով, երբ դաշինքի անդամները ակնարկներով կամ բացայայտ կը խօսէին յետընտրական զարգացումներու մասին, այդ շարքին` զինուած:

Հնարաւոր է, որ Սերժ Սարգսեան, որ հռչակած էր անաղմուկ ընտրութիւն իրականացնելու իր մտադրութիւնը, դիմած է կանխարգելիչ քայլերու եւ Սամուէլ Բաբայեանը ձերբակալելէ ետք դաշինքը  «կազմալուծուեցաւ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment