Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազգային Ժողովի Յանձնաժողովը Բացասական Եզրակացութիւն Տուած է ԵՏՄ-էն Դուրս Գալու «Ելք»-ի Նախագիծին

Ազգային Ժողովի Յանձնաժողովը Բացասական Եզրակացութիւն Տուած է ԵՏՄ-էն Դուրս Գալու «Ելք»-ի Նախագիծին

by MassisPost

Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երէկ բացասական եզրակացութիւն տուած է ԵՏՄ-էն դուրս գալու մասին «Ելք»-ի նախագիծին։

Յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան ըսած է, որ բերուած փաստարկներու խումբը վերլուծութեան ենթարկուած է, եւ ըստ իրեն, ոչ քաղաքական, ոչ տնտեսական, ոչ ալ ռազմաթեխնիքական առումով ներկայացուած փաստարկները յայտարարութեան առաջարկութեան հետ կապ չունին։

«Հայաստանի անդամութիւնը՝ Եւրասիական տնտեսական միութեանը բխում է Հայաստանի ազգային շահերից, մեր քաղաքական, տնտեսական եւ նաեւ ռազմաթեխնիքական շահերից: Հակառակը պնդելը, կարծում եմ, իրավիճակի լիարժէք եւ օպիեքթիւ գնահատական չէ այս պարագայում», – ըսած է Աշոտեան։

Խորհրդարանը, յիշեցնենք, 4 հոկտեմբերին 7 կողմ, 81 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ մերժած էր  ԵՏՄ-էն դուրս գալու հարցը ուսումնասիրող ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու «Ելք»-ի նախագիծը: Յանձնաժողովը պէտք է քննարկէր Եւրասիական տնտեսական միութեան օգուտներն ու վնասները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment