Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան կը Պնդէ, թէ ԱՄՆ-ը Դաւադրութիւն Կազմակերպած է Թուրքիոյ Դէմ

Անգարան կը Պնդէ, թէ ԱՄՆ-ը Դաւադրութիւն Կազմակերպած է Թուրքիոյ Դէմ

by MassisPost

Թուրք-ամերիկեան արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւններուն մէջ նոր գայթակղութիւն կը հասունանայ. Անգարան կը պնդէ, թէ Ուաշինկթըն դաւադրութիւն կազմակերպած է Թուրքիոյ դէմ եւ կեղծ ցուցմունքներով կը փորձէ նախագահ  Էրտողանի դիրքերը թուլացնել:

«Մենք այլեւս թաքցնելու ոչինչ ունինք եւ հրապարակաւ կը յայտարարենք՝ թուրք գործարար Ռեզա Զարապի դէմ Միացեալ Նահանգներուն մէջ յարուցուած գործը դաւադրութիւն է Թուրքիոյ դէմ», – 20 Նոյեմբերին կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարած է փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղը, աւելցնելով․ – «Ակնյայտ է, սա քաղաքական գործ է՝ իրաւական հիմքերէն բացարձակապէս զուրկ: Ամերիկացի դատախազները գերի կը պահեն կասկածեալներուն եւ բացայայտ ճնշում կը գործադրեն անոնց վրայ՝ Թուրքիոյ դէմ ցուցմունքներ կորզելու համար»:

Արեւմտեան լրատուամիջոցները կը փաստեն, որ թրքական կողմը հակայարձակման անցաւ, երբ ովկիանոսի այն կողմէն հաղորդուեցաւ, որ ազատազրկուած թուրք գործարարը համաձայնած է համագործակցիլ ամերիկացի իրաւապահներուն հետ եւ ցուցմունքներ տալ, ինչի արդիւնքով կրնան ջուրի երես դուրս գալ Էրտողանի կառավարութիւնը մերկացնող  շարք մը փաստեր ու մանրամասներ: Ամերիկացի դատախազները կը պնդեն, թէ ոսկիի առեւտուրով զբաղուող գործարարը տարիներ առաջ շարք մը բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներու օգնութեամբ շրջանցած է Իրանի դէմ սահմանուած ամերիկեան պատժամիջոցներն ու Թեհրան փոխանցած միլիոնաւոր տոլարներ: Ընդ որում, ըստ ամերիկացի դատախազներուն, մեծահարուստ գործարարը առանձին չէ գործած, անոր այս հարցին մէջ օգնած են Թուրքիոյ տնտեսութեան նախկին նախարար Մեհմէտ Զաֆէր Չաղլաեան ու թրքական պետական «Հալք» դրամատան կառավարիչ Սուլէյման Ասլանը, իրադարձութիւններն ալ տեղի ունեցած են այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ կառավարութեան ղեկին էր ներկայիս նախագահ Էրտողանը:

«Այս գործը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ կիւլէնականներու կողմէ կազմակերպուած եւ ձախողած յեղաշրջման փորձի կրկնողութիւն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու փորձ՝ այս անգամ, սակայն, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան համակարգի միջոցաւ», –  յայտարարած է փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ:

Աւելին, թրքական կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ քրէական այս գործով Ուաշինկթընը կը փորձէ ոչ միայն Էրտողանի կառավարութեան հարուածել, այլեւ թոյլցնել Թուրքիոյ դիրքերը տարածաշրջանին մէջ:

Աւելի վաղ պաշտօնական Անգարան ու Թուրքիոյ նախագահը անձամբ բազմիցս յորդորած էին Ուաշինկթընին ազատ արձակել Ռեզա Զարապին, սակայն՝ ապարդիւն: Կ’ակնկալուի, որ յաջորդ երկուշաբթի արդէն գործը կը մտնէ նիւեորքեան դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment