Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպայի Հայերը 1,23 Միլիոն Եւրօ Գումար կը Ներդնեն Հեռուստամարաթոն 2017-ին

Եւրոպայի Հայերը 1,23 Միլիոն Եւրօ Գումար կը Ներդնեն Հեռուստամարաթոն 2017-ին

by MassisPost

15-19 Նոյեմբերին Ֆրանսայի մէջ Հեռախօսամարաթոնն էր, որուն մասնակցած են Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Յունաստանի տեղական մարմինները: 4 օր շարունակ Հիմնադրամի կամաւորները կը զանգէին եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող հայերու ընտանիքներուն եւ կազմակերպութիւններուն՝ ներկայացնելով Հիմնադրամի՝ 23 նոյեմբերին կայանալիք Հեռուստամարաթոն «Բերքառատ Արցախ» թեման եւ նպատակները։

Աւելի քան 9900 եւրոպահայ ընտանիք եւ կազմակերպութիւն միացած է հանգանակութիւններուն, եւ այսպիսով Եւրոպայի հայերու կողմէ կատարուած ներդրումը Հեռուստամարաթոն 2017-ին կը կազմէ 1,23 միլիոն եւրօ։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ հեռուստամարաթոնին ընդառաջ Հիմնադրամի տեղական մարմինները տարբեր երկիրներու մէջ կը կազմակերպեն նմանօրինակ երեկոյթներ՝ գումար հաւաքագրելու համար։ «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող Մարաթոնի թեման Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցումն է եւ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրումը։

Phonethon-20017

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment