Home Uncategorized Եւրոխորհրդարանը Կոչ Կ’ընէ Վիզաներու Ազատականացման Շուրջ Երկխօսութիւն Սկսիլ Հայաստանի Հետ

Եւրոխորհրդարանը Կոչ Կ’ընէ Վիզաներու Ազատականացման Շուրջ Երկխօսութիւն Սկսիլ Հայաստանի Հետ

by MassisPost

Յաջորդ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովէն առաջ Եւրոխորհրդարանը կոչ կ’ընէ Եւրոմիութեան կառավարութեան ու արտաքին գործերու նախարարութեան՝ երկխօսութիւն սկսիլ Հայաստանի հետ՝ վիզաներու ազատականացման շուրջ:

Խորհրդարանի լիագումար նիստի նախօրէին ընդունուած բանաձեւը արձանագրած է, որ երկու տարի առաջ Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովէն ետք էական առաջընթաց արձանագրուած է. – «Հայաստանի հետ բանակցութիւնները խորը եւ համապարփակ գործընկերութեան պայմանագիրի շուրջ աւարտած են, ինչը յաջող օրինակ է, թէ ինչպէս կրնան համատեղուիլ Եւրասիական միութեան անդամակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը Եւրոմիութեան հարեւանութեան ծրագիրներուն»: «Հաշուի առնելով այդ առաջընթացը՝ եւրոպացի պատգամաւորները կը յորդորեն Հայաստանի հետ եւս առանց վիզաներու ռեժիմ սահմանել, ինչը արդէն եղած է Վրաստանի, Ուքրանիոյ ու Մոլտովայի հետ, սակայն վերջնական որոշումը պէտք է անդամ երկիրներն ու Եւրայանձնաժողովը կայացնեն», – պարզաբանած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանի՝ Պրիւքսէլի մէջ աշխատող թղթակից Ռիքարտ Եոզվիակը:

«Եւրոխորհրդարանը Եւրոմիութեան թերեւս առաւել առաջադիմական կառոյցներէն է, որ կը փորձէ ինչ-որ գաղափարներ առաջ տանիլ: Անոնք ակնյայտօրէն կ’ուզեն Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիր սկսիլ, ինչը բաւական ընդարձակ ծրագիր է․ այնտեղ բազմաթիւ կանոններ ու բարեփոխումներ կան, որոնք իրագործելու համար, օրինակ, Վրաստանէն պահանջուեցաւ երկու տարի, Ուքրանիայն՝ երկուքուկէս: Եւրոմիութեան խորհուրդը, Եւրայանձնաժողովը, անդամ երկիրները կը քննարկեն հարցը, սակայն չեմ կարծեր, որ յառաջիկայ՝ պրիւքսէլեան գագաթնաժողովին արդէն անոնք Հայաստանին նման արտօնութիւն կը տրամադրեն», – նշած է Պրիւքսէլի «Ազատութեան» թղթակիցը:

Խոստանալով լայնարձակ քաղաքական ու ֆինանսական հնարաւորութիւններ, Եւրոխորհրդարանը միաժամանակ ընդգծած է, որ Պրիւքսէլը պէտք է յստակ սահմաններ դնէ եւ դադրեցնէ համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը այն երկիրներուն հետ, որոնք չեն յարգեր եւրոպական արժէքներն ու մարդու իրաւունքները:

«Քանի որ մեր միջոցները սահմանափակ են, մենք պէտք է գործի դնենք աւելին՝ աւելիի դիմաց սկզբունքը, կեդրոնացնելով ուշադրութիւնը առաւելապէս այն երկիրներու վրայ, որոնք էական առաջընթաց արձանագրած են իրենց եւրոպական բարեփոխումներու ճանապարհին», – յայտարարած են բանաձեւի հեղինակները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment