Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանն Այցելած է Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդարան

Սերժ Սարգսեանն Այցելած է Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդարան

by MassisPost

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով աշխատանքային այցով երէկ ժամանած է Մոսկուա: Առաւօտեան Հանրապետութեան նախագահը այցելած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարան եւ «Սուրբ Պայծառակերպութիւն» Մայր տաճար: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի կապի վարչութիւնը:

Մոմավառութենէն եւ գովաբանական աղօթքին մասնակցելէն ետք, նախագահ Սարգսեան թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի, համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանէն ժամանած մշակութային գործիչներու ուղեկցութեամբ դիտած է եկեղեցական համալիրի տարածքին ներկայացուած ժամանակակից հայկական խաչքարերու ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած են քանդակագործ Ռուբէն Նալպանտեանի հեղինակած շուրջ երկու տասնեակ խաչքարեր:

Այնուհետեւ նախագահը եկեղեցական համալիրի «Տապան» թանգարանին մէջ դիտած է «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր»ու ծիրէն ներս բացուած` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի հիմնադրման 300-ամեակին նուիրուած «Բիբլիական երկիր Հայաստան» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ ունի երկու մեծ թեմատիկ բաժիններ` Հայաստանի պատմութիւնը պրոնզէ դարէն մինչեւ Ուրարտու եւ քրիստոնէութեան ընդունումէն մինչեւ մեր օրեր: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են եկեղեցական պարագաներ, հնագոյն ձեռագիրներ, հին դրամներ եւ յուշամետալներ, եզակի գտածոներ, հայ նշանաւոր նկարիչներու կտաւներ։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Մոսկուայի մէջ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ ՌԴ նախագահի հետ՝ քննարկելու «հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ երկկողմ միջպետական կապերու յետագայ ամրապնդմանն ու զարգացման վերաբերող հարցեր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment