Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Freedom House. Հայաստանի մէջ Համացանցի Ազատութեան Մակարդակը Վատթարացած է

Freedom House. Հայաստանի մէջ Համացանցի Ազատութեան Մակարդակը Վատթարացած է

by MassisPost

Հայաստան իր դիրքերը վատթարացուցած է համացանցի ազատութեան «Freedom on the Net 2017» վարկանիշին մէջ, որ հրապարակած է «Freedom House» միջազգային կազմակերպութիւնը:

Հայաստանը մտած է «մասնակի ազատ համացանցով» երկիրներու ցուցակ՝ ստանալով 100 հնարաւորէն 32 միաւոր:

Զեկոյցի համաձայն, համացանցի մէջ ազատութեան մակարդակը վատթարացած է, երբ Facebook-ի օգտատէրերը ժամանակաւոր սահմանափակումներ ունեցած են: Միւս պատճառն այն է, որ «խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին համացանցի մէջ դիտուած է խարդախութիւններու (մանիփուլացիաներու) աննախադէպ մակարդակ, ըստ որուն, համակարգուած ծրագիրները ապատեղեկատուութիւն տարածած են եւ փորձած են խլացնել Twitter-ի անկախ հաշուետուութիւնը»:

«Հակառակ անոր, որ կառավարութիւնը սովորաբար չի զբաղուիր արգելափակմամբ կամ զտմամբ, Facebook-ը 2016 թուականի յուլիսին սահմանափակուած էր, երբ զինուած ընդդիմադիրները Երեւանի մէջ գրաւած էին ոստիկանական տեղամասը, որու ընթացքին մի քանի ոստիկաններ պատանդ վերցուցած էին: Ընկերային ցանցերու միջոցաւ թերահաւաքուելով, հազարաւոր քաղաքացիներ փողոց դուրս եկած էին, որ միաժամանակ հանդէս գան ընդդէմ կառավարութեան: Իրաւապահ մարմինները բռնութեամբ հեռացուցած էին իրադարձութիւնները լուսաբանող լրագրողներուն:

Ընդհանուր առմամբ, համացանցը համեմատաբար ազատ եղած է՝ ենթակառուցուածքի աստիճանական բարելաւմամբ եւ բնակչութեան աւելի լայն շերտերու շրջանին կապի հասանելիութեամբ: Աքթիւիսթները ընկերային մետիան կանոնաւորապէս կ’օգտագործեն որպէս իրենց խնդիրներու առաջ մղման գործիք, ընդդիմութիւնը եւ անկախ լրատուամիջոցները համացանցի մէջ աճած են»,- նշուած է զեկոյցին մէջ:

Փորձագէտները անցեալ տարուայ առանցքային իրադարձութիւններու շարքին նշած են այն փաստը, որ «ոստիկանութիւնը նպատակաուղղուած եւ բռնի միջոցներով խոչընդոտած է լրագրողներու աշխատանքը, որոնք յուլիսեան ցոյցերէն ուղիղ հեռարձակումներ  կ’իրականացնէին»:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի հարեւաններուն, զեկոյցի համաձայն, Վրաստանը կը շարունակէ մնալ ազատ համացանցով միակ երկիրը, մինչդեռ Ատրպէյճանը մասնակի ազատ համացանցով երկիրներու ցուցակին մէջ է: Ինչ կը վերաբերի Իրանին եւ Թուրքիոյ, ապա այս երկիրներուն մէջ համացանցը ազատ չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment