Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեանի Հանդիպումները Լոս Անճելըսի Մէջ

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեանի Հանդիպումները Լոս Անճելըսի Մէջ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներ այցի ծիրէն ներս 13 Նոյեմբերի առաւօտեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիայի համալսարան։

Աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու շարքին դասուող կրթօճախի Լասքին հանրային կապերու դպրոցի սաներու եւ դասախօսական կազմի առջեւ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդէս եկած է հանրային առաջնորդութեան մասին դասախօսութեամբ։ Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի բանակաշինութեան եւ այս փուլին իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներու ընթացքը, մասնաւորապէս՝ «Ազգ-բանակ» հայեցակարգն ու անոր ներդրումը հանրային կեանքի ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ։ Անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային այլ խնդիրներու։ Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցեր ուղղած են նախարար Սարգսեանին։

Նոյն օրը Վիգէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթթիի հետ:sarkisian-la-3

Օրուայ երկրորդ կէսին հայկական պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ, ուր Վիգէն Սարգսեան պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու առաջատար հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցերուն։ Նախարարը մանրամասն անդրադարձած է «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրինագիծի առաւելութիւններուն եւ ներկայացուցած զինուած ուժերու մէջ իրականացուող ծրագիրները։

13 Նոյեմբերի  երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն ներս։ Հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, համայնքային գործիչներու հետ հանդիպելէն ետք Վիգէն Սարգսեան, համայնքի մեծաթիւ ներկայացուցիչներու առջեւ հանդէս եկած է ծաւալուն ելոյթով, որուն մէջ անդրադարձած է հայկական բանակի արդիականացման ծրագիրներուն։ Պաշտպանութեան նախարարը, մասնաւորապէս, խօսած է բանակի մարտունակութեան եւ զինուորական ծառայութեան գրաւչութեան բարձրացման, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման, ռազմակրթական ծրագիրներու բովանդակային փոփոխութիւններու, գիտելիքահենք բանակի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան եւ շարք մը այլ խնդիրներու մասին։

Վիգէն Սարգսեան մանրամասն ներկայացուցած է առաջնագիծին իրականացուող աշխատանքները, նոր զինատեսակներու ձեռքբերման առաջնահերթութիւնները:

Ելոյթի աւարտին Վիգէն Սարգսեան պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներուն հարցերուն։

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Միացեալ Նահանգներ աւարտած է։ Պատուիրակութիւնը մեկնած է Գանատա՝ մասնակցելու Վանքուվըրի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի խաղաղարար համաժողովին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment