Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Յանուն Գիտութեան Զարգացման» Նախաձեռնութիւն Վստահ Է որ Տարկէտման Իրաւունքի Սահմանափակման Օրէնքը Ետ Կը Կանչուի Ազգային Ժողովէն

«Յանուն Գիտութեան Զարգացման» Նախաձեռնութիւն Վստահ Է որ Տարկէտման Իրաւունքի Սահմանափակման Օրէնքը Ետ Կը Կանչուի Ազգային Ժողովէն

by MassisPost

«Մենք վստահ ենք, որ իշխանութիւնները կը նահանջեն», – երէկ «Ազատութեան» եթերին նման համոզմունք յայտնած է «Յանուն գիտութեան զարգացման» նախաձեռնութեան անդամ Նաթալի Եայլոյեանը, նշելով, որ պիտի հասնին անոր, որ օրէնքը ետ կանչուի Ազգային ժողովէն։

Նախաձեռնութեան անդամներէն Վահան Կոստանեանն ալ ըսած է, որ դասադուլները պիտի շարունակեն, այժմ կը փորձեն ցուցարարներու թիւը առաւելագոյն մեծցնել։

«2004-ին մարդկանց զանգուածը բաւականին մեծ էր, ինչը ստիպեց, որ կառավարութիւնը յետ կանչի օրէնքը, եւ նոյն խնդիրն այսօր մեր նախաձեռնութիւնն է դրել իր առաջ՝ հնարաւորինս մեծ թիւով մարդկանց ներգրաւել, որպէսզի իշխանութիւնը յետ կանգնի», – ըսած է Կոստանեան։

Հարցին, թէ իսկապէ՞ս կ’ակնկալեն, որ նախագիծը ետ կը կանչուի Ազգային ժողովէն, Կոստանեան պատասխանած է. – «Ես կարծում եմ, որ ամէն ինչ կախուած է այն մարդկանց թուից, թէ ինչքան մարդ կը լինի այս օրերին՝ թէ՛ վաղը, թէ՛ միւս օրը, թէ՛ յաջորդ օրը, իսկ այն առումով, որ իշխանութիւնները միշտ ինչ-որ սողանցք գտնում են որոշակի քայլեր կատարելու համար, ես կարծում եմ, որ դրանում մենք վաղուց համոզուել ենք, ու եթէ լինի համապատասխան հանրային ճնշում, այս սողանցքն իրենք կը գտնեն»։

Յիշեցնենք, գրեթէ մէկ շաբաթ է ուսանողները դասադուլ  կ’իրականացնեն՝ բողոքելով տարկէտման իրաւունքի սահմանափակման դէմ։ Անոնք կը պնդեն, որ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին»՝ առաջին ընթերցմամբ արդէն ընդունուած օրէնքի նախագիծը կրնայ խոչընդոտել գիտութեան զարգացման։

Համաձայն առաջարկուող օրինագիծին, տարկէտում կը ստանան միայն այն քաղաքացիները, որոնք պայմանագիր կը կնքեն պաշտպանութեան նախարարութեան հետ եւ կը պարտաւորուին ուսումը աւարտելէ ետք բանակ ծառայել արդէն երեք տարի ժամկէտով: Հակառակ պարագային անոնք 18 տարին լրանալուն պէս երկու տարիով կը զօրակոչուին բանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment