Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախորդ Ուսումնական Շրջանին Հայաստանէն Աւելի Քան 7000 Աշակերտ Հեռացած է

Նախորդ Ուսումնական Շրջանին Հայաստանէն Աւելի Քան 7000 Աշակերտ Հեռացած է

by MassisPost

2016-2017 ուսումնական տարուան ընթացքին Հայաստանէն հեռացած են հանրակրթական դպրոցներու 7117 աշակերտներ, ընդ որում, կէսէն աւելին՝ 4076-ը՝ տղաներ: ՀՀ ԿԳՆ վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ արտահոսքի ամենամեծ տոկոսը բաժին ինկած է մայրաքաղաքին:

Երեւանէն հեռացած են 2600 աշակերտներ, Արագածոտնէն՝ 208, Արարատէն՝ 623, Արմաւիրէն՝ 798, Գեղարքունիքէն՝ 517, Լոռիէն՝ 654, Կոտայքէն՝ 707, Շիրակէն՝ 573, Սիւնիքէն՝ 114, Վայոց Ձորէն՝ 81 եւ Տաւուշէն՝ 242 աշակերտներ:

2016-2017 ուսումնական տարուն ընթացքին այլ երկիրներէ Հայաստան  եկած են 2373 աշակերտներ, որոնցմէ՝ 1113-ը՝ աղջիկներ:

Այլ երկիրներէ ժամանած աշակերտներէն 933-ը տեղաւորուած են Երեւանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ, 62-ը՝ Արագածոտնի, 205-ը՝ Արարատի,  239-ը՝ Արմաւիրի, 131-ը՝ Գեղարքունիքի, 198-ը՝ Լոռիի, 279-ը՝ Կոտայքի, 168-ը՝ Շիրակի, 62-ը՝ Սիւնիքի, 26-ը՝ Վայոց Ձորի եւ 70-ը՝ Տաւուշի դպրոցներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment