Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՊՀ-ի Ուսանողները Դասադուլ Յայտարարած Են Պահանջելով Պահել Տարկէտման Իրաւունքը

ԵՊՀ-ի Ուսանողները Դասադուլ Յայտարարած Են Պահանջելով Պահել Տարկէտման Իրաւունքը

by MassisPost

Երեւանի պետական համալսարանի գլխաւոր շէնքի դիմաց Նոյեմբեր 7-ի առաւօտէն ուսանողները հաւաքուած են եւ բողոքի ցոյց իրականացուցած՝ դասադուլի կոչով:

Ուսանողները բողոքած են տարկէտման իրաւունքի վերացման դէմ, որ նախատեսուած  է «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» նոր օրէնքի նախագիծով, որ ընդունուած է առաջին ընթերցմամբ:

Ուսանողները շրջած են ԵՊՀ բոլոր բաժինները  դասադուլի կոչով դիմած բոլոր այն ուսանողներուն, որոնք կը կիսեն իրենց մտավախութիւնը՝ կապուած օրէնքի փոփոխութեան հետ:

Համալսարանի անվտանգութեան աշխատակիցները փակած են շէնքի դռները եւ թոյլ չեն տուած ներսը գտնուողներուն դուրս գալ: Ուսանողները կը պահանջէին բանալ համալսարանի դռները եւ թոյլ տալ ուսանողներուն միանալ իրենց ցոյցին:

ԵՊՀ շէնքէն դուրս եկած է Աշխարհագրութեան եւ երկրապահութեան բաժնի տնօրէն Գրիգորեանը, որ նախ յանձնարարած է բաց թողել դուռը եւ թոյլ տալ ուսանողներուն դուրս գալ: Ան ընդգծած է, որ տարկէտման իրաւունքը ընկերային արդարութեան խախտում է, բոլորը պէտք է ծառայեն բանակ. Գրիգորեանի խօսքով, իր բոլոր ուսուցիչները, դասախօսները կռուած են պատերազմին, վերադարձած են, դարձած են գիտնականներ, փրոֆեսորներ. «Գիտութեամբ զբաղուող մարդուն ծառայութիւնը չի խանգարում, աւելին՝ կոփում է մարդուն: Որոշ ուժեր փորձում են այս վիճակը քաղաքականացնել, ստեղծել ըմբոստ վիճակ»:

Նշենք, որ յիշեալ օրէնքի նախագիծով տարկէտում կը տրուի միայն այն ուսանողներուն, որոնք ՊՆ-ի հետ կը կնքեն պայմանագիր, ըստ որուն համալսարանը աւարտելէ ետք  պէտք է ծառայեն ոչ թէ 2, այլ 3 տարի ժամկէտով, բայց որպէս սպայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment