Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նալպանտեան Նեթանիահուին Ներկայացուցած է Արցախեան Հարցի Կարգաւորման Ներկայիս Վիճակը

Նալպանտեան Նեթանիահուին Ներկայացուցած է Արցախեան Հարցի Կարգաւորման Ներկայիս Վիճակը

by MassisPost

Նոյեմբեր 7-ին պաշտօնական այցով Իսրայէլ գտնուող Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան հանդիպած է Իսրայէլի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Բենիամին Նեթանիահուին:

Հանդիպումը մեկնարկած է ընդլայնուած կազմով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, ապա շարունակուած՝ առանձնազրոյցի տեսքով:

Ողջունելով հիւրը՝ Իսրայէլի վարչապետը կարեւորած է Հայաստանի ԱԳ նախարարի այցը Իսրայէլ եւ նշած, որ Իսրայէլ պատրաստակամ է ընդլայնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ է համագործակցութեան մեծ ներուժ:

Նախարար Նալպանտեան Բենիամին Նեթանիահուին փոխանցած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութեամբ նշած է, որ վերջին շրջանին հայ-իսրայէլական շփումներուն մէջ կը նկատուին աշխուժացում եւ համոզմունք յայտնած է, որ հիմնուելով երկու ժողովուրդներու բարեկամական պատմական հարուստ աւանդոյթներուն վրայ, համատեղ ջանքերու շնորհիւ Հայաստանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները նոր լիցք կը ստանան։

Զրուցակիցները նշած են, որ խորհրդանշական է, որ այցը տեղի ունեցած է երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելենական տարին, համոզմունք յայտնելով, որ այն լաւ հնարաւորութիւն է անցած ճանապարհը գնահատելու եւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ նոր քայլեր ձեռնարկելու համար:

Հանդիպման հանգամանալից քննարկում տեղի ունեցած է հայ-իսրայէլական երկկողմ օրակարգի հարցերու, միջազգային կառոյցներու մէջ համագործակցութեան շուրջ։ Միտքեր փոխանակուած են երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման, գործարար կապերու խթանման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման եւ միջազգային կառոյցներուն մէջ փոխգործակցութեան սերտացման, տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու, գիտութեան եւ կրթութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ համատեղ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւններու շուրջ:

Իսրայէլի վարչապետը եւ Հայաստանի ԱԳ նախարարը անդրադարձած են Երուսաղէմի մէջ հայկական հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան։

Վարչապետ Նեթանիահուն ու նախարար Նալպանտեանը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու, մերձաւորարեւելեան զարգացումներու շուրջ:

Էտուարտ Նալպանտեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու ջանքերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment