Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան. «Թուրքիոյ Մէջ Կրթութեան Հիմքը Կրօնը Դրուած է»

Կարօ Փայլան. «Թուրքիոյ Մէջ Կրթութեան Հիմքը Կրօնը Դրուած է»

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս կ’ընթանան 2018 թուականի պիւտճէի նախագիծի քննարկումներ, որոնց ծիրէն ներս 7 նոյեմբերին ներկայացուած է Կրթութեան նախարարութեան համար նախատեսուած պիւտճէն: Քննարկման ժամանակ ելոյթ  ունեցած է մեճլիսի պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը: Այս մասին գրած է «Էրմէնիհապէր» կայքը:

Թրքական «Demokrathaber» լրատուական կայքի տեղեկացմամբ, Փայլան քննադատած է կրթական համակարգի փոփոխութիւնները:

Ան դժգոհած է, որ Կրթութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ ելոյթին մէջ ընդհանրապէս չէ անդրադարձած այդ փոփոխութիւններուն: Փայլան անդրադարձած է նաեւ նախարարութեան թվիթըրեան էջին մէջ եղած գրառումներէն մէկուն «որակեալ կրթութիւն» (կրթական համակարգի փոփոխութիւններուն մաս կը կազմէ՝ խմբ.) արտայայտութեանը՝ ընդգծելով, որ այդ կերպ Եըլմազ ինքնըստինքեան թրքական դպրոցներու 90 տոկոսը անորակ համարած է:

Պոլսահայ պատգամաւորը քննադատած է  Թուրքիոյ կրթական քաղաքականութիւնը՝ նշելով, որ  կրթութեան հիմքը կրօնը դրուած է:

«Կրօնական կրթութիւնը, հաւատացեալ սերունդ դաստիարակելու նպատակը, որու մասին խօսած է նախագահ Էրտողան, դարձուցեր էք ձեր նախարարութեան գլխաւոր առաքելութիւնը: Մինչդեռ սա ուղղուածութիւններէն մէկը պէտք է ըլլար:  Ո՞ւր մնաց գիտական, ժողովրդավարական եւ հաւասար կրթութիւնը»:

Նշենք, որ Կրթութեան նախարարութեան Twitter-ի էջին կրթական համակարգի փոփոխութիւններու մասին գրառում կատարուած էր՝ դպրոցներու մէկ մասի հասցէին կիրառելով՝ «որակեալ կրթութիւն» արտայայտութիւնը:

Քննադատութիւններու տարափի պատճառով գրառումը ջնջած են: Եըլմազ բացատրած է, որ «որակեալ կրթութիւն» արտայայտութիւնը կը վերաբերի դպրոցներուն, որոնք աշակերտ կ’ընդունին միայն քննութեամբ: Առանց քննութիւն յանձնելու երեխաները կրնան ընդունուիլ տան մօտակայքը գտնուող 5 դպրոցներէն մէկը:

Քննադատութիւններուն արձագանգելով, Եըլմազը նշած է. «Մէկին լաւ ըսելով, միւսները վատ չեն դառնար»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment