«Ելք» դաշինքը, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) Կիրակի օրուայ ընտրութիւններուն յանձնաժողովի անդամներ ունեցած է բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ, կը փաստէ, որ այն ընտրախախտումները, որոնք տեղ գտած էին խորհրդարանական, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, գրեթէ նոյն գործիքակազմով կրկնուած են նաեւ ՏԻՄ ընտրութիւններուն։
Երեւանի աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Խաժակեանի խօսքով, խախտումները ընտրատեղամասերուն մէջ կանխելը դժուար եղած է, որովհետեւ անոնք հիմնական տեղի ունեցած են տեղամասերէն դուրս։
«Մարդկանց թէ՛ հարկադրաբար, թէ՛ համոզելով բերում էին ընտրատեղամասեր, ինչը որպէս խախտում դժուար է գնահատել, բայց միայն այն հանգամանքը, որ այդ մարդիկ իրենց կամքով չէին գայ ընտրատեղամաս, եւ որ տեղամաս բերելիս հնարաւորինս փորձում էին վերահսկել քուէարկութիւնը, ընդ որում անկախ տարիքից՝ բոլորին փորձում էին վերահսկել՝ քուէախուց փորձ անել մտնել, կամ մինչեւ քուէախուց ուղեկցելը իրեն ցոյց տալ, թէ ինչպէս պէտք է քուէարկի։ Տեղամասեր են եղել, որտեղ այդ կողմի ու դէմի քուէարկութեան ձեւը իբրեւ ցոյց են տուել քուէախցիկում՝ կողմի մօտ քուէարկած, դա ուղղորդող բան է եղել։ Հնարաւորինս փորձել ենք սրանք կանխել։ Սիսիանում մեր յանձնաժողովի նախագահը կանխել է կրկնակի քուէարկութեան փորձը, եւ դրա վերաբերեալ եւս գործ է յարուցուել: Իրականում այդ գործիքակազմը շարունակւում է, որոշ տեղերում՝ քօղարկուած», – ըսած է Խաժակեան։