Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Սերժ Սարգսեանը Հնդկաստան կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս այսօր հանդիպում ունեցած է վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ:
Հանդիպման սկիզբը վարչապետ Մոտին շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան Նախագահին այցի հրաւէրն ընդունելու եւ համաժողովին մասնակցելու համար, յոյս յայտնելով, որ Սարգսեանի այցը նոր խթան պիտի հաղորդէ հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն եւ բարձրացնէ նոր մակարդակի: Վարչապետը նշած է, որ եւրասիական տարածքին մէջ Հայաստանը կը հանդիսանայ Հնդկաստանի վստահելի եւ կարեւոր գործընկերը: Անոր խօսքով, հայ վաճառականները առաջիններէն էին, որ եկան Հնդկաստան եւ խթանեցին առեւտրային կապերը Հնդկաստանի ու տարբեր երկրներու միջեւ:
Սարգսեանը շնորհակալութեամբ ընդունած է հրաւէրը եւ ուրախ է Հնդկաստանի նման հրաշալի երկրի մէջ գտնուելու համար եւ իր տպաւորութիւնները ներկայացուցած է առաւօտեան բացուած Հնդկաստանի պարէնի համաշխարհային համաժողովէն եւ ցուցահանդէսէն: Սարգսեան ընդգծած է, որ հիացած է աշխարհի ամենաարագ զարգացող տնտեսութիւններէն մէկը համարուող Հնդկաստանի յաջողութիւններով` յատկապէս սննդարդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ գրանցած առաջընթացով եւ ընդգծած, որ Հայաստանը խորապէս շահագրգռուած է Հնդկաստանի հետ խորացնելու յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներու մէջ՝ քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական:
Փոխգործակցութեան ընդլայնման հարցով Սերժ Սարգսեան եւ Նարենտրա Մոտին կարեւորած են Հայ-հնդկական միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութիւնը` անհրաժեշտ համարելով յանձնաժողովի նիստերը համալրել նոր, առաւել թիրախաւորուած օրակարգով:
Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը պատրաստ է նպաստաւոր պայմաններ ապահովել հնդկական ընկերութիւններու գործունէութեան համար: Սարգսեանը նաեւ հնդկական կողմի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Իրանի հետ Հայաստանի սահմանին ստեղծուող Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիին վրայ, որ եւս կրնայ համագործակցութեան արդիւնաւէտ հարթակ դառնալ:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի իրավիճակին եւ առկայ մարտահրաւէրներուն, այդ շարքին` ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին: