Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստան Հիմնադրամի ու Էտվենթիսթ Հիւանդանոցի Բժշկական Երրորդ Առաքելութիւն Հայաստանի մէջ

Հայաստան Հիմնադրամի ու Էտվենթիսթ Հիւանդանոցի Բժշկական Երրորդ Առաքելութիւն Հայաստանի մէջ

by MassisPost

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանն ու Էտվենթիսթ Հէլթ Կլենտէյլ (Adventist Health Glendale) բժշկական կեդրոնը յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց երրորդ բժշկական միացեալ առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ։ Լոս Անճելըսէն մեկնած աւելի քան 50 կամաւոր բժիշկներով եւ այլ արհեստավարժներով, մէկ շաբաթ տեւած առաքելութիւնը, որ կայացաւ Նոյեմբերեանի Հիւանդանոցը՝ հիւսիսային Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի սահմաններուն մօտ, աննախընթաց էր իր տարողութեամբ ու բազմակողմանիութեամբ։

Առաքելութեան գործադրման եւ Էտվենթիսթի բժշկական ամբողջական կազմի ժամանումէն առաջ, մասնագէտներու կազմակերպիչ աշխատակազմ մը ուղարկուած էր Նոյեմբերեանի Հիւանդանոցը՝ հաստատութեան բժշկական ենթակառոյցը առաքելութեան համար թարմացնելու եւ պատրաստելու համար։ Հիւանդանոցի պաշտօնէութեան օժանդակութեամբ, կազմակերպիչ աշխատակազմը բացաւ ու կարգաւորեց Հայաստան Հիմնադրամին կողմէ փոխադրուած գրեթէ չորս թոն բժշկական ու վիրաբուժական պիտոյքներ, սարքեր, եւ դեղորայք։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16-ին, բժշկական ամբողջական կազմը ժամանեց եւ անմիջապէս միացաւ կազմակերպիչ աշխատակազմին՝ առաքելութեան մեկնարկման գծով վերջնական պատրաստութիւններ տեսնելու համար։ Մինչեւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 17-ի, այսինքն առաքելութեան առաջին օրուայ վերջաւորութիւնը՝ բժշկական աշխատակազմը արդէն 12 անընդմէջ վիրաբուժութիւն կատարած էր – հաստատելով մրցանիշ մը՝ Հայաստանեան գիւղական շրջանի հիւանդանոցի մը մէջ մէկ օրուայ ընթացքին կատարուած վիրաբուժութիւններու թիւի իմաստով։

Բժշկական աշխատակազմին միացան Երեւանէն վեց բժշկական թեկնածուներ՝ երեք ընդհանուր վիրաբուժութեան եւ երեք թմրեցման (anesthesiology) թեկնածու, որոնք շուտով պիտի ամբողջացնեն իրենց մարզման վերջնական տարին։ Առաքելութեան ամբողջ ընթացքին, այս թեկնածուները օգնեցին Էտվենթիսթի վիրաբուժներուն եւ սորվեցան անոնց աշխատանքէն։ Այս թեկնածուներուն համար, մեծապէս հմուտ ու փորձառու բժիշկներու կազմի մը հետ աշխատիլը եզակի պատեհութիւն մըն էր ։

«Թէեւ այս տարի չկրցայ մասնակցիլ Հայաստան կատարուած առաքելութեան, չափազանց հպարտ եմ մեր աշխատակազմի արձանագրած արդիւնքներով», յայտնեց Էտվենթիսթ Հէլթ Կլենտէյլի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քեւին Ռապըրթս։ «Տարուէ տարի, մեր Հայաստանեան բժշկական առաքելութիւնը կ՚ուռճանայ եւ աւելի ու աւելի մեծ թուով մարդոց կեանքերը կը բարելաւէ։ Աստուած օրհնեց մեզ 2017-ին, ինչպէս նախորդ երկու տարիներուն։ Եւ, անգամ մը եւս, Հայաստան Հիմնադրամը հանդիսացաւ մեր սքանչելի գործընկերը՝ կատարելապէս կազմակերպելով ծրագիրը, փոխադրելով պիտոյքներ ու սարքեր, եւ ամէն կերպով դիւրացնելով մեր աշխատակազմի գործունէութիւնը։ Էտվենթիսթ Հէլթի հիմնական առաքելութիւնը, որն է՝ ապրիլ Աստուծոյ սէրը, կ՚իրագործուի ու կը կենսաւորուի նմանօրինակ ծրագիրներով»։

«1992-էն ի վեր, որպէս Հայաստանի ու Արցախի զարգացման նուիրուած մեծագոյն կազմակերպութիւնը, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը կ՚իրականացնէ ենթակառուցային զարգացման լայնածաւալ ծրագիրներ եւ կը հայթայթէ մարդասիրական օգնութիւն», յայտնեց Հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի նախագահ Մարիա Մեհրանեան։ «Նոյեմբերեան կատարուած բժշկական առաքելութիւնը, որ աննախադէպ է իր ծաւալով ու ծառայութիւններու բազմատեսակութեամբ, նուաճում մը եւս արձանագրեց Հայաստան Հիմնադրամին համար, այն իմաստով, որ առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ երրորդ յաջորդական տարին ըլլալով՝ Էտվենթիսթ Հէլթի հետ մեր հեռահաս գործակցութեամբ»։

«Բացի բժշկական անյետաձգելի խնամք հայթայթելէ, մենք կը ջանանք զարգացնել առողջապահական համակարգի հիմերն իսկ՝ ուսուցանելով, մարզելով, եւ անհրաժեշտ միջոցները տրամադրելով, որպէսզի բարձրացնենք երկարակեցութեան ակնկալութիւնները», յայտնեց Էտվենթիսթ Հէլթի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ցանցի գլխաւոր բժշկական տնօրէն Արբի Նահապետեան։ «Երկարատեւ օգուտներ եւ կայունութիւն ստեղծելու նպատակով, ներկայիս կը մշակենք մարզման ծրագիր մը, որուն շնորհիւ Հայաստանի բժիշկները մասնագիտական մարզում պիտի ստանան Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Էտվենթիսթի բժիշկներու հովանիին տակ։ Սոյն ծրագիրը չափազանց կարեւոր է Հայաստանի զարգացման եւ ապագայ ապահովութեան համար»։

Բժշկական առաքելութեան սկիզբէն՝ 2015-էն ի վեր, Տաւուշի շրջանին մէջ առողջապահական յառաջացած խնամքէ զուրկ հազարաւոր մարդիկ բժշկական բարձրորակ ծառայութիւններ ստացած են։ Այս տարի, ինչպէս անցեալին, ճողուածքէ (hernia) եւ այլ հիւանդութիւններէ տառապող բազմաթիւ ագարակապաններ ու երկրագործներ կրցան աշխատանքի վերադառնալ՝ շնորհիւ Էտվենթիսթի վիրաբուժներու կատարած վիրաբուժութիւններուն։

«Խոնարհեցնող առանձնաշնորհում մըն է այսպիսի հոյակապ արհեստավարժներու խումբի մը մաս կազմելը», յայտնեց ոսկրաբան-վիրաբուժ Վահան Չեփքինեան։ «Ահաւասիկ անհատներ, որոնք իրենց եզակի տաղանդներն ու հմտութիւնները բերին Հայաստան, սիրով ստանձնեցին արտակարգ դերեր ու պարտականութիւններ, եւ ժամանակ վերցուցին իրենց ընտանեկան ջերմ կեանքերէն… Ըրին այս ամէնը, որպէսզի խնամք հայթայթեն հազարաւոր մարդոց, զորս չէին ճանչնար, որպէսզի յոյս եւ մտքի խաղաղութիւն բերեն մարդոց, որոնք ճգնաժամօրէն պէտք ունէին սփոփանքի եւ բուժման։ Այս բժշկական արհեստավարժները իրագործեցին իրենց առաքելութիւնը, ցանկալով թեթեւցնել Հայաստանի իրենց քոյրերու ու եղբայրներու տառապանքը, ցանկալով իրազեկ դարձնել զանոնք, որ իրենց ցաւը աննկատ չ՚անցնիր ու կարելի է փարատել, եւ փոխարէնը ակնկալելով ոչինչ, բացի անգամ մը եւս Հայաստանի մէջ ծառայելու առիթէն»։ Նոյեմբերեանի Հիւանդանոցին մէջ առաքելութեան ընթացքին, Բժ. Չեփքինեան աւելի քան 215 ոսկրաբանական դարմանում եւ վիրաբուժութիւն կատարեց։

Առաքելութեան տեւողութեան, լոկ հինգ օրուայ ընթացքին, 78 հիւանդներ վիրաբուժուեցան։ Գործողութիւնները ներառեցին լեղապարկի վերացումներ, ճողուածքի յառաջացած դարմանումներ, եւ զանազան ուռեցքներու ոչնչացումներ։

Առաջնային խնամքի դարմանատունը 2,015 հիւանդ խնամեց, եւ բարձրորակ դեղեր հայթայթեց մնայուն հիւանդութիւններէ տառապողներուն։ Դարմանատան աշխատակազմը կ՚ընդգրկէր սրտաբաններ, թոքաբաններ, մանկաբոյժներ, ջղաբաններ, ախտաբաններ, եւ բջջաբաններ։

Տրուած ըլլալով Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ մասնագիտական բժշկական միջոցներու ընդհանուր պակասը, կիներու առողջապահութիւնը տակաւին մեծապէս թերի կը մնայ հոն։ Այս նկատի ունենալով, Հայաստան Հիմնադրամի եւ Էտվենթիսթի բժշկական առաքելութիւնը նաեւ կատարեց Փափ սմիրներ (Pap smears) եւ կենսազննումներ (biopsies)՝ Նոյեմբերեան քաղաքէն եւ շրջակայքի գիւղերէն գրեթէ հարիւր կիներու համար։ Էտվենթիսթի ախտաբանները աշխատեցան Նոյեմբերեանի Հիւանդանոցի տարրալուծարանը՝ պատրաստելով կենսազնման նմոյշները եւ արձանագրելով արդիւնքները. ապա մասնագէտ բժիշկները կը մեկնաբանէին այդ արդիւնքները եւ ըստ այնմ կը խորհրդակցէին հիւանդներուն հետ։ Այս քայլերու իւրաքանչիւր շարքը կ՚ամբողջացուէր մի քանի ժամուայ ընթացքին միայն. այլապէս այս քայլերը պիտի տեւէին 20-էն 30 օր, տրուած ըլլալով շրջանի բժշկական կեդրոններու սահմանափակ միջոցները։

«Պատիւ մը եւ առանձնաշնորհում մըն էր անգամ մը եւս Էտվենթիսթ Հէլթ Կլենտէյլի առաքելութեան աշխատակազմին մաս կազմելը», յայտնեց Էտվենթիսթի Նախա-վիրաբուժական Ծառայութիւններու տնօրէն Սուզան Աքստ։ «Վիրաբուժական աշխատանքին ընթացքին, կը տեսնէինք մեր հիւանդներուն կերպարանափոխումը՝ վիրաբուժութենէ առաջ իրենց մտահոգութենէն ու հետաքրքրութենէն մինչեւ վիրաբուժութենէ յետոյ իրենց ցնծութիւնն ու երախտագիտութիւնը։ Այս վիրաբուժութիւններէն ոմանք կրնան մեզի աննշան թուիլ. բայց ի՛նչ հոյակապ է այն հոգեկան վարձատրութիւնը, երբ կ՚օգնես, որ հիւանդ մը բուժուի, լաւ զգայ, եւ կարենայ իր աշխատանքին վերադառնալ՝ իր ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար։ Աւելի քան մէկ անգամ «հրեշտակ» կոչուեցայ մեր հիւանդներուն կողմէ։ Այդ իրենց ժպիտներն ու գրկումները ա՛լ աւելի արժանի դարձուցին մեր առաքելութիւնը»։ Աքստ կը տնօրինէր Նոյեմբերեանի առաքելութեան վիրաբուժութիւնները, վերահսկելով երկու վիրաբուժական սրահ, ինչպէս նաեւ նախա-վիրաբուժական եւ յետ-վիրաբուժական միաւորները։

Առաքելութիւնը դարձեալ պատեհութիւն մը հանդիսացաւ՝ ոչ միայն բարելաւելու Նոյեմբերեանի Հիւանդանոցի բժշկական ենթակառոյցն ու կարողութիւնները, այլ նաեւ մասնագիտական մարզում շնորհելու եւ հիւանդանոցէն ներս բժշկական գերազանցութեան երկարատեւ ու կայուն ժառանգ մը ստեղծելու։ Շնորհիւ առաքելութեան, ոչ միայն աւելի քան 2,000 հիւանդներ դարմանուեցան, այլ նաեւ բազմաթիւ տեղացի բժիշկներու ու վիրաբուժներու առիթը տրուեցաւ մաս կազմելու լայնածաւալ ծրագրի մը՝ յօգուտ իրենց համայնքներուն։

«Շատ դժուար էր Նոյեմբերեանին հրաժեշտ տալը, բայց ուրախ եմ ըսելու, որ մեր առաքելութիւնը կատարուեցաւ», յայտնեց Էտվենթիսթ Հէլթ Կլենտէյլի Առեւտրական Զարգացման փոխնախագահ Ռամելլա Մարգարեան։ «Մեր բժիշկները 2,015 հիւանդներ դարմանեցին եւ աւելի քան 6,000 բժշկական ծառայութիւն մատուցեցին։ Այս ծառայութիւնները կը ներառնէին սրտագրումներ (EKGs), ճառագայթային քննութիւններ, ոսկրային ներարկումներ, ու կենսազննումներ, եւ մասնագիտական խորհրդատուութիւններ, դարմանումներ, ու վիրաբուժութիւններ, ընդգրկելով մանկաբուժութիւն, ջղաբանութիւն, թոքաբանութիւն, սրտաբանութիւն, կնաբանութիւն, եւ ոսկրաբանութիւն, այլ մասնագիտութիւններու շարքին։ Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ Նոյեմբերեանի բնակիչները բարձր գնահատեցին այն ազնիւ ու գուրգուրոտ խնամքը, ինչպէս նաեւ նոր յոյսը, զոր մեր աշխատակազմը կը բերէ իրենց տարուէ տարի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment