Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Բողոքի Գիր Յղած է Մեքսիքացի Պատգամաւորներու Ղարաբաղ Այցի Կապակցութեամբ

Պաքուն Բողոքի Գիր Յղած է Մեքսիքացի Պատգամաւորներու Ղարաբաղ Այցի Կապակցութեամբ

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն բողոքի գիր յղած է Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներուն՝ մեքսիքացի խումբ մը պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղ այցի կապակցութեամբ:

«APA» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Մեքսիքոյի մէջ Ատրպէյճանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մամետ Թալիպովը Մեքսիքայի խորհրդարանի խօսնակի հետ հանդիպման ժամանակ պահանջած է համակողմանի ուսումնասիրել պատգամաւորներու ղարաբաղեան այցը եւ համապատասխան քայլեր ձեռնարկել:

Մեքսիքացի խորհրդարանականներ Պլանքա Մարկարիթա Քուատա Թոմինկեսը, Մարիա Քրիսթինա Թերեզա Կարսիա Պրավօն ու Քարլոս Էրնանտես Միրոնը Լեռնային Ղարաբաղ այցելած են  24 հոկտեմբերին: Ստեփանակերտի մէջ անոնց ընդունած է նախագահ Բակօ Սահակեանը, խորհրդարանականները նաեւ հիւրընկալուած են Ազգային ժողովի կողմէ:

Ղարաբաղ այցելած մեքսիքացի պատգամաւոր Մարիա Քրիսթինա Թերեզա Կարսիա Պրավօն, յիշեցնենք, Մեքսիքայի մայրաքաղաքին մէջ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հեյտար Ալիեւի արձանի քանդումին աշխոյժ պայքարողներէն էր:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Ալիեւի պրոնզէ արձանը Մեքսիքոյի մէջ տեղադրուած էր Մեքսիքայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան ջանքերով, որ գումարներ յատկացուցած էր քաղաքի այդ շրջանը եւ զբօսայգին բարեկարգելու համար։ Իրաւապաշտպաններու բողոքներէն ետք, որոնք կը շեշտէին, որ բռնապետը արժանի չէ տուեալ վայրին արձան ունենալու պատուին, այն քանդուեցաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment