Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հրապարակային Քննարկում Նուիրուած Հայրենիք-Սփիւռք 6րդ Համաժողովին

Հրապարակային Քննարկում Նուիրուած Հայրենիք-Սփիւռք 6րդ Համաժողովին

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, անցեալ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2017, տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Սփիւռք 6րդ Համաժողովը» նիւթին շուրջ հրապարակային քննարկում մը, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի հանդիսասրահին մէջ:

ՆՍՄՄ-ի վարչութեան ատենապետ Յարութ Տէր Դաւիթեան, իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ վերջերս Երեւանի մէջ գումարուած Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին մասին, որուն ներկայ եղած էին շուրջ 1800 հրաւիրեալներ: Շեշտելէ ետք նիւթին կարեւորութիւնը ընթացք տուաւ անոր քննարկումին:

Սոյն հանրային միջոցառումին իր տպաւորութիւններն  արտայայտեցին Հայրենիք-Սփիւք 6րդ համաժողովին մասնակցողներէն Ս.Դ.Հ.Կ. Արեւմտեան Ամերիկայի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեան, ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»ի փոխ խմբագիր Յակոբ Մարտիրոսեան եւ անկախ գործիչ` Յարութ Պրոնոզեան:

Քննարկումի չորս մասնակիցներն ալ 10-12 վայրկեան սահմաններուն մէջ, իրենց տպաւորութիւններն արտայայտեցին վերոյիշեալ համաժողովին մասին:

Յարգելի զեկուցաբերները իրենց գնահատականներն ու մտահոգութիւնները յայտնեցին համաժողովի կայացման մասին: Դրական երեւոյթներու վերաբերեալ իրենց  տպաւորութիւնները յայտնելէ ետք անդրադարձան հայութիւնը յուզող կենսական տարբեր հարցեր ու շուրջ (հայապահպանում, ցեղասպանութեան ճանաչում, արտագաղթ, Արցախի հիմնահարցի լուծում, եւայլն):

Արդարեւ գիտաժողովի նմանող սոյն համախմբումը  աւարտին հրապարակուած էր յատուկ հռչակագիր մը որուն անդրադարձ եղան եւ քննարկուած նիւթերու մասին, առանց յանգելու լուծումներու:

Վերոյիշեալ հանդիպման աւարտին ներկաներու կողմէ եղած է կարծիքներու արտայայտութիւններու եւ մտահոգութիւններ ու առաջադրանքներ մեր ժողովուրդը յուզող կենսական հարեցուր կապակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment