Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Պատմական Հայկական Տուները Վերածուած են Հիւրանոցներու

Թուրքիոյ Մէջ Պատմական Հայկական Տուները Վերածուած են Հիւրանոցներու

by MassisPost

Թուրքիոյ  Այնթապ   քաղաքի   պատմական հայկական տուները վերածուած են հիւրանոցներու: Թրքական «Հապերլէր» լրատուական կայքը, անդրադառնալով թեմային, կը գրէ, որ դարաւոր պատմութիւն ունեցող հայկական տուները, որոնք ձմրան տաք պահող, իսկ ամրան զովութիւն ապահովող քարերով կառուցուած են, այսօր քաղաք այցելող զբօսաշրջիկներու կողմէ մեծ հետաքրքրութեան կ՛արժանանան:

Աղբիւրին համաձայն, տուները, որոնք այսօր վերածուած են հիւրատուներու, 200-300 տարուան պատմութիւն ունին: Հիւրատուներէն մէկու տնօրէն Զէյնել Օզքարամանը պատմած է, որ պատմական յուշարձաններ հանդիսացող այս տուները հայերէն մնացած են. տուներէն մէկուն վրայ նոյնիսկ հայերէն մակագրութիւն կայ:  Օզքարամանը նշած է, որ հիւրատունը մեծ պահանջարկ կը վայելէ, եւ գրեթէ միշտ շաբաթավերջին ազատ սենեակ չ՛ըլլար: Հիւրատուներուն մէջ երկտողանոց սենեակի գիշերակացը, նախաճաշը ներառեալ, արժէ 150-200 (մօտ 20000 դր.) լիրա:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment