Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ո՞ւր Մնացին 850 Միլիոն Տոլարի Ներդրումները. Կը Պարզաբանէ Փոխնախարարը

Ո՞ւր Մնացին 850 Միլիոն Տոլարի Ներդրումները. Կը Պարզաբանէ Փոխնախարարը

by MassisPost

«Ո՞ւր մնացին 850 միլիոն տոլարի ներդրումները, որ մինչեւ 2017 թուականի Դեկտեմբերի 31-ը պէտք է ապահովուէին», երէկ խորհրդարանէն ներս յաջորդ տարուայ պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու փոխնախարար Տիգրան Խաչատրեանին հարցուցած է Ծառուկեան դաշինք խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրապեանը:

Ան պաշտօնեային կոչ ըրած է յստակ պատասխան տալ եւ վարկերը, որոնք բեռ են մեր սերունդներու համար, ներդրում չհաշուել: «Այլապէս դուք կարող էք վաղը նաեւ ներդրում հաշուել դրսից եկած փոխանցումները», ըսած է Նաիրա Զոհրապեան:

Փոխնախարարը ըսած է, որ ուժանիւթի ոլորտի մէջ ներդրումներ կան, բայց կ’ուզէ անդրադառնալ 480 միլիոն տոլար ներդրումներուն, որոնք կատարուած են տարբեր ոլորտներու մէջ:

«Այդ 480 միլիոն տոլար ներդրումներից 300 միլիոնի վերաբերեալ ես հենց հիմա մանրամասն տեղեկութիւն կարող եմ տալ ձեզ: Ամուլսարի ներդրումները դրանք ներդրումնե՞ր չեն: Օրինակ՝ թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտում՝ 10 միլիոն տոլար, հանքագործութեան ոլորտում՝ 133 միլիոն, գիւղատնետսութիւնում` 55, դեղագործութիւն՝ 6 միլիոն, խմիչքի արտադրութիւն՝ 5 միլիոն եւ այլն»,- ըսած է փոխնախարարը:

Ան ըսած է, որ այս տարուայ ինն ամիսներուն աշխատատեղերու քանակը աւելցած է 3300-ով, մինչեւ տարեվերջ այդ թիւը կը գերազանցէ 5000-ը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment