Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ-ն Պիտի Հեռանա՞յ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբէն

ԱՄՆ-ն Պիտի Հեռանա՞յ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբէն

by MassisPost

«Կը կարծեմ, որ Թրամբի աշխատակազմը ԼՂ հակամարտութեան ամենաբարձր մակարդակով ուշադրութիւն չի դարձներ: Սա տեղի կ’ունենայ այն պատճառով, որ նախագահ Թրամբ կը փորձէ նուազեցնել ԱՄՆ ղեկավարութեան դերակատարութիւնը աշխարհի մէջ, այդ շարքին՝ Պետքարտուղարութեան մէջ խիստ պիւտճէթային կրճատումներու միջոցով: Ի վերջոյ, ամենայն հաւանականութեամբ, աշխատակազմը կ’ընդունի, որ Մինսքի խումբի միջոցով ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցումը կ’ապահովէ մէկ յստակ ծրագիր, որու վրայ ԱՄՆ-ն եւ Ռուսաստանը կրնան աշխատիլ համատեղ՝ յանուն խաղաղութեան»,- «168 ժամի» հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ԱՄՆ պետքարտուղարի Հարաւային Կովկասի հարցերով նախկին օգնական, Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ, Տալինի մէջ Պաշտպանական հետազօտութիւններու միջազգային կեդրոնի տնօրէն Մեթիու Պրայզըն՝ անդրադառնալով ԼՂ հարցի մէջ Սպիտակ տան դիրքորոշման:

Ըստ անոր, իսկապէս Մինսքի խումբին մէջ ԱՄՆ համանախագահի պաշտօնի կրճատումը անխոհեմ եւ նոյնիսկ՝ վտանգաւոր քայլ է, քանի որ այն կրնայ դատարկութիւն ստեղծել, ինչի արդիւնքով Մինսքի խումբի գործընթացը կրնայ ձախողիլ, որու հետեւանքը լարուածութեան պարուրաձեւ աճը կ’ըլլայ, որու գագաթնակէտը այլ պատերազմ կրնայ ըլլալ:

«Աւելին, պիւտճէթային տեսանկիւնէ այս քայլը անիմաստ է, քանի որ ԱՄՆ համանախագահի պաշտօնի ծախսերը կը հոգայ ԵԱՀԿ-ը, եւ ոչ թէ ԱՄՆ կառավարութիւնը»,- ըսած է Պրայզըն:

Ի դէպ, անոր կարծիքով, Ժընեւի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը վերսկսած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման իրական բանակցութիւնները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment