Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շարլ Ազնաւուրը Անյարմար Հարց Տուած է Իսրայէլի Նախագահին

Շարլ Ազնաւուրը Անյարմար Հարց Տուած է Իսրայէլի Նախագահին

by MassisPost

Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի նախագահի նստավայրին մէջ կայացած է Շարլ Ազնաւուրի եւ անոր ուղեկցող ընտանիքի անդամների հանդիպումը նախագահ Ռոուվեն Ռիվլինի ու Ռաուլ Վալենբերգի անվան միջազգային հիմնադրամի ղեկավարութեան հետ: Այդ մասին յայտնում է «Ազատութիւն» ռատիոկայանը։

Ազնաւուր հարցուցած է,  թէ ե՞րբ ի վերջոյ Իսրայէլը պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Ես ոչ գաղտնի հարց մը կ’ուզեմ Ձեզ ուղղել եւ չեմ սպասեր պատասխանի, այնուամենայնիւ կարեւոր է այն բարձրացնել: Ինչո՞ւ Դուք չէք ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնն այն պարագային, երբ դուք ալ տառապած էք նացիստական ռեժիմէն», – հարցուցած է Ազնաւուրը:

Ի պատասխան՝ Ռիվլինը ըսած է, որ այդ մէկը քաղաքական հարց է, եւ իր՝ Քնեսեթի պատգամաւոր ու այնուհետեւ նաեւ նախագահ աշխատած ժամանակաշրջանին իւրաքանչիւր տարի հարցը Իսրայէլի խորհրդարան բարձրացուցած են, յիշատակած են Հայոց ցեղասպանութեան օրը, եւ ինքն ալ 2015 թուականին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն բաւական յստակ խօսած է 1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

«Մենք Քնեսեթի մէջ ներկայ եղած ենք այդ սարսափելի իրադարձութիւններու յիշատակի արարողութեան: Ցաւօք, Իսրայէլի կառավարութիւնը չկրցաւ տեղի ունեցածը ճանչնալ որպէս Ցեղասպանութիւն, եւ միակ հարցն այն է, թէ ինչպէս այն պիտի ձեւակերպուի: Եւ ես, որպէս Իսրայէլի նախագահ, պարտաւոր եմ յարգել Իսրայէլի կառավարութեան որոշումները: Կոտորած, թէ ցեղասպանութիւն՝ սարսափելի, սարսափելի բան տեղի ունեցած է Հայ ժողովուրդի հետ 1915 թուականին», – մասնաւորապէս, ըսած է Իսրայէլի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment