Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եոհանէս Հան. Հայաստան-ԵՄ Համաձայնագիրի Ստորագրումը Կրնայ Յետաձգուիլ

Եոհանէս Հան. Հայաստան-ԵՄ Համաձայնագիրի Ստորագրումը Կրնայ Յետաձգուիլ

by MassisPost

Երէկ Էսթոնիայի մայրաքաղաք Թալլինի մէջ ընթացող Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի ընթացքին Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանը, պատասխանելով Հայաստանի քաղհասարակութեան ներկայացուցիչներու (Գլոպալիզացիայի (համաշխարհայնացման) եւ տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ստեփան Գրիգորեանի եւ «Իրազէկ քաղաքացիներու միաւորման» ծրագիրներու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանի) հարցերուն, ըսած է, որ Հայաստան-ԵՄ համաձայնագիրը միարժէքօրէն պիտի ստորագրուի։  Միաժամանակ պարոն Հանը չէ բացառած, որ այն կրնայ՝ ոչ թէ նոյեմբերի վերջը կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին ըլլալ, այլ աւելի ուշ։

Եոհանէս Հանը չէ մատնանշած, թէ ինչ խնդիրներու արդիւնքով կրնայ յետաձգուիլ համաձայնագրի ստորագրումը, ապա կրկին ընդգծած է, որ այն միարժէքօրէն պիտի ստորագրուի:

 

Յանձնակատար Հանը նաեւ նշած է, որ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ բարեփոխումներու համար Հայաստանին տրուող պիւտճէթային աջակցութեան պայմանները պիտի ըլլան խիստ եւ թերացումները աչքաթող պիտի չըլլան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment