Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մեքսիքացի Պատգամաւորները Այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ

Մեքսիքացի Պատգամաւորները Այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ

by MassisPost

Մեքսիքոյէն ժամանած պատգամաւորներ Պլանքա Մարգարիտա Քուաթա Տոմինկէս, Մարիա Քրիստինա Թերեսա Կարսիա Պրաւօ եւ Քարլոս Էռնանտէս Միրըն այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ:

«Հոկտեմբերի 24-ին մեքսիքացի պատգամաւորները ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էտուարտ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ այցելել են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ խոնարհել ի յիշատակ Արցախեան ազատագրական պայքարում նահատակուած հայորդիների», – նշուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, մեքսիքացի պատգամաւորներն ու Հայաստանի ԱԺ փոխնախագահը այսօր նաեւ հանդիպած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ:

Հանդիպման ժամանակ Էտուարտ Շարմազանով մասնաւորապէս խիստ դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի հերթական խախտումը, աւելցնելով, որ այն ցոյց կու տայ, թէ այդ պետութիւնը նոյնիսկ Ժնեւի հանդիպումէն ետք պատրաստ չէ կառուցողական քայլերու: Ան դատապարտած է նաեւ շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ «ՍՓԱՅՔ» զինատեսակի կիրառումը եւ համոզմունք յայտնած, որ միջազգային կառոյցները պարտաւոր են դատապարտել այդ փաստը:

Հոկտեմբերի 22-ին Մեքսիքացի խորհրդարանականները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղած են  անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած Սուրբ նահատակներու յիշատակը:

Հիւրերը այցելած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ծանօթացած են Հայոց Մեծ Եղեռնը հաւաստող փաստաթուղթերուն եւ վաւերագրերուն, դիտած ցուցանմուշները, գրառում կատարած յուշամատեանին մէջ:

Մեքսիքօ-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Պլանքա Մարգարիտա Քուաթա Տոմինկէս նշած է. «Ինծի համար պատիւ էր այցելել այս մեծ երկիրը, ճանչնալ հերոսական ժողովուրդ մը, որ մեծ յարգանք կը վայելէ աշխարհի մէջ: Ես արդէն կը սիրեմ Հայաստանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment