Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արթուր Սաքունց.-«Սերժ Սարգսեանի Ելոյթը Ինքնախոստովանանք է»

Արթուր Սաքունց.-«Սերժ Սարգսեանի Ելոյթը Ինքնախոստովանանք է»

by MassisPost

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունց պնդած է, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուայ յայտարարութիւնը ինքնախոստովանանք է, որ յանցագործութիւններու հովանաւորը իշխանութիւնն է։

Իրաւապաշտպանին խօսքով, յանցաւորութեան դէմ պայքարին մէջ ոստիկանութիւնը քննադատելով, Սերժ Սարգսեան կարծես թէ կը մոռնայ, որ Վլատիմիր Գասպարեան իր իսկ հրամանով ու համաձայնութեամբ արդէն 6 տարի է, որ կը զբաղեցնէ ոստիկանապետի պաշտօնը, ու բարձրաստիճան այլ սպաներու հետ գրեթէ ամէն տարի բարձրագոյն պարգեւներու կ’արժանանայ։

«Ապրիլի 2-ին նախորդող օրը զանգուածային ընտրակաշառքներ են եղել, ահազանգեր: Էդ նոյն ժամանակ էդ նոյն ոստիկանութիւնից ինքը պահանջներ ներկայացրե՞լ է, որ էս ի՞նչ էք անում, աշխատէ՛ք, հետեւէ՛ք, բռնէ՛ք, կանխէ՛ք, պատասխանատուութեան ենթարկէք: Պարզ չի, որ ոստիկանութիւնը տեսնում ա, որ անպատիժ փող են բաժանում, յանցագործութիւն են կատարում, ինքն էլ անպատիժ վարքագիծ ա դրսեւորելու», – ըսած է Սաքունց:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կոշտ քննադատութեան ենթարկած է ոստիկանութեան գործունէութիւնն ու որոշ ոստիկաններու վարքագիծը: Ելոյթ ունենալով ոստիկանութեան անձնակազմի ընդլայնուած նիստին, Սերժ Սարգսեան մասնաւորապէս հաստատած է, որ վերջին շրջանին աւելցած է յատկապէս ծանր յանցագործութիւններու թիւը.- «Ինչպէս է պատահում, որ օրը ցերեկով, շատերի աչքի առջեւ հրազէնի գործադրմամբ կատարւում են ծանր յանցագործութիւններ: Այս երեւոյթը մտահոգիչ է նաեւ այն առումով, որ նման դէպքերը  չեն պակասում, այլ աւելանալով` ստանում են առաւել յանդուգն դրսեւորումներ», ըսած է նախագահը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment