Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «USAID» Ունի Գործիքներ, Որոնցմով կը Հետեւի ՀՀ Կառավարութեան. Տեպորա Կրիզըր

«USAID» Ունի Գործիքներ, Որոնցմով կը Հետեւի ՀՀ Կառավարութեան. Տեպորա Կրիզըր

by MassisPost

«USAID»ի հիմնական առաքելութիւնն է աջակցիլ Հայաստանի զարգացման: Այս մասին «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Տեպորա Կրիզըր:

«Մենք չէ, որ պէտք է ուղղութիւն ցոյց տանք, բայց մենք այստեղ ենք, աջակցելու համար Հայաստանի զարգացման: Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան գործունէութեան մեծ մասը ներկայ ծրագիրներու 60 տոկոսը, կ’իրականացնեն տեղական կազմակերպութիւնները կամ կառավարութիւնը: Այսպիսով, գաղափարը, ինչպէս արդէն նշեցի, այն է, որ մենք կ’աջակցինք Հայաստանի կառավարութեան, անոնք կ’առաջնորդեն, իսկ մենք կը փորձենք անոնց աջակցիլ»,- ըսած է ան:

Հարցին, թէ ունի՞ք արդեօք միջոցներ կամ գործիքներ, որոնցմով կրնաք հետեւիլ ՀՀ կառավարութեան, Հայաստանին յատկացուող գումարներու օգտագործման, Կրիզըր պատասխանած է. «Այո՛, ունինք: Իրականութեան մէջ իբրեւ ԱՄՆ կառավարութիւն մենք ունինք խիստ կանոններ: Եւ ես սերտօրէն աշխատած եմ այս ուղութեամբ այլ վայրերու մէջ, ուր պաշտօններ զբաղեցուցած եմ: Ուրեմն, կան քանի մը տարբեր մօտեցումներ: Նախ եւ առաջ, կ’ուզեմ, որ բոլորը իմանան, որ երբ մենք համաձայնագիր կը ստորագրենք, մենք սկիզբը պարզապէս չենք ըսեր. «Ահա իքս հարիւր հազար տոլար կամ միլիոն տոլար», այն, ինչ որ մենք առաջին հերթին կ’իրականացնենք, գնահատումն է: Մենք կ’այցելենք կազմակերպութիւն կամ պետական մարմին եւ գնահատում կ’իրականացնենք, ելեւմուտի գնահատում, կը դիտարկենք անոնց ընթացակարգերը, գործունէութիւնը եւ կը հարցնենք. – «Ունի՞ք արդեօք համակարգեր, որ մենք վստահ ըլլանք, թէ պիտի կարողանաք կառավարել տրամադրուող միջոցները»:

Այսպիսով, սա է սկիզբը: Այնուհետեւ ծրագիրի իրականացման ընթացքին մենք անընդհատ մշտադիտարկում կը կատարենք, կ’այցելենք, որպէսզի համոզուինք, որ աշխատանքը իսկապէս կը կատարուի, բայց մենք նաեւ ելեւմուտի մշտադիտարկում կ’իրականացնենք: Մեր անձնակազմին մէջ կան աշխատողներ, որոնք կ’երթան եւ պարբերաբար կը վերստուգեն հաշուապահութիւնը: Բացի անկէ, մեր բոլոր նախագիծերը, առնուազն այն ծրագիրները, որոնք կը ստանան որոշակի տոլարային գումար, պարտադիր պէտք է հաշուարկային վերստուգում անցնին անկախ կազմակերպութեան կողմէ: Եւ վերջապէս մենք կ’իրականացնենք ծրագիրի գնահատումը: Աւելի շատ ուշադրութիւն կը դարձուի նպատակներուն, եւ սովորաբար կրկին կը վարձենք արտաքին ընկերութիւն մը, որ պարզապէս կ’ըսէ՝ արդեօք մենք հասա՞ծ ենք մեր նպատակին. հնարաւոր է, որ ծախսենք ամբողջ գումարը եւ այն բարեխճօրէն իրականացնենք, բայց արդեօք հասա՞ծ ենք մեր նպատակներուն»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment