Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան Ստորագրած է Հայ-Ռուսական Միացեալ Զօրախումբի Համաձայնագիրի Վաւերացման Օրէնքը

Սերժ Սարգսեան Ստորագրած է Հայ-Ռուսական Միացեալ Զօրախումբի Համաձայնագիրի Վաւերացման Օրէնքը

by MassisPost

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ստորագրած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերու զօրքերու միացեալ խմբաւորման մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու օրէնքը, որ Ազգային ժողովը ընդունած է 5 Հոկտեմբերին:

Յիշեցնենք, որ համաձայնագիրին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ «հաշուի առնելով հաւաքական անվտանգութեան Կովկասեան տարածաշրջանում Կողմերի տարածքների առանձնացուածութիւնը եւ դրանց սահմաններում լուծուող օփերաթիւ-ռազմավարական խնդիրների ծաւալը, անհրաժեշտ է ստեղծել զինուած ուժերի միացեալ խմբաւորում, որը կը պաշտպանի կողմերի քաղաքացիներին եւ հասարակութեանը արտաքին եւ ներքին ռազմական սպառնալիքներից»։

Ազգային ժողովին կողմէ համաձայնագիրը քննարկուած էր բուռն մթնոլորտի մէջ:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, Սերժ Սարգսեան այսօր ստորագրած է նաեւ Ռուսիոյ եւ Պելառուսի միջեւ «Պաշտպանական համակարգեր» միջպետական Եկամտա-արդիւնաբերական խումբի ստեղծման 2000 թուականի համաձայնագիրին Հայաստանի միանալու մասին, Հայաստանի եւ Յորդանանի միջեւ ներդրումներու խրախուսման եւ փոխադարձ պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրերը վաւերացնելու օրէնքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment