Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Պատիւ էր Այցելել Այս Մեծ Երկիրը». Մեքսիքացի Պատգամաւորներն Այցելած են Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

«Պատիւ էր Այցելել Այս Մեծ Երկիրը». Մեքսիքացի Պատգամաւորներն Այցելած են Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

by MassisPost

Մեքսիքոյի խորհրդարանի պատգամաւորներ Պլանքա Մարգարիտա Քուաթա Տոմինկէս, Մարիա Քրիստինա Թերեսա Կարսիա Պրաւօ, Քարլոս Էռնանտէս Միրօ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էտուարտ Շարմազանովի եւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Մարգարիտ Եսայեանի ուղեկցութեամբ 22 Հոկտեմբերին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։

ԱԺ-էն «NEWS.am»ին յայտնած են, որ Մեքսիքացի խորհրդարանականները ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած Սուրբ նահատակներու յիշատակը։

Հիւրերը այցելած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ծանօթացած են Հայոց Մեծ Եղեռնը հաւաստող փաստաթուղթերուն եւ վաւերագրերուն, դիտած ցուցանմուշները, գրառում կատարած յուշամատեանին մէջ։

Մեքսիքօ-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Պլանքա Մարգարիտա Քուաթա Տոմինկէս նշած է. «Ինծի համար պատիւ էր այցելել այս մեծ երկիրը, ճանչնալ հերոսական ժողովուրդ մը, որ մեծ յարգանք կը վայելէ աշխարհի մէջ։ Ես արդէն կը սիրեմ Հայաստանը»։

Մարիա Քրիստինա Թերեսա Կարսիա Պրաւօ նշած է. «Մեր համակրանքն ու համերաշխութիւնը կը յայտնենք հայ ժողովուրդին»։

«Ատելութիւնը ձախողման ճամբան է»,- նշած է Քարլոս Էռնանտէս Միրօ եւ աւելցուցած, որ մարդկութիւնը կ’աջակցի հայ ժողովուրդին եւ կը մեծարէ զայն։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment