Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Իշխանութեան Նպատակը Երիտասարդները Զոմպիացնելն է». Ընդդէմ ՊՆ Օրինագիծին

«Իշխանութեան Նպատակը Երիտասարդները Զոմպիացնելն է». Ընդդէմ ՊՆ Օրինագիծին

by MassisPost

«Զինծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Պաշտպանութեան նախարարութեան օրինագիծը կը սպառնայ ուսանողական ըմբոստութեան պատճառ դառնալ։

«Յանուն գիտութեան զարգացման» նախաձեռնութեան անդամ Սարգիս Բալդարեան այսօր յայտարարած է. «Պայքարի մարտավարութիւնը որոշելու եմ ոչ թէ ես, ոչ թէ այս շարժման նախաձեռնող խումբը, այլ որոշելու են բոլոր էն ուսանողները, որոնք միանալու են մեր պայքարին»:

Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի նախաձեռնած օրինագիծով բոլոր արական ուսանողները պէտք է ծառայեն բանակի շարքերուն 18 տարեկան դառնալուն պէս: Նախարարը այն կը բացատրէ հասարակական արդարութեամբ: 2004-ին Սերժ Սարգսեանի այսպիսի օրինագիծի մը դէմ յաղթանակած Արէն Մանուկեան վստահ է, որ հասարակական արդարութիւնն այստեղ կապ չունի, իշխանութեան նպատակը երիտասարդները զոմպիացնելն է. «Բանակը շատ լուրջ կորուստ է ունենում, որովհետեւ դրանից յետոյ արդէն մտնում են բանակ 18 տարեկանները, այսինքն, առանց կրթութեան դպրոցի կրթութեամբ 18 տարեկան երիտասարդներն են գնում բանակ, որոնք ուղղակի դառնում են շարքայիններ»:

Օրինագիծով ուսման ընթացքին չծառայող ուսանողները պայմանագիր պէտք է կնքեն Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ եւ երեք տարի որպէս սպայ ծառայեն բանակի շարքերուն: Անոնք պէտք է մոռնան ուսումն աւարտելէ անմիջապէս ետք ասպիրանտուրա ընդունուիլը։ Ըստ Սարգիս Բալդարեանին, «Երիտասարդ գիտնական հասկացութիւնը այս օրինագծի պարագայում վերանալու է»:

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեան Վիգէն Սարգսեանի օրէնքը համարած է հակասահմանադրական, ըստ որուն, ուսանողը, որ կը ցանկայ շարունակել ուսումը, պէտք է շարունակէ. «Իշխանութեան ղեկին յայտնուած մարդիկ սա չեն տեսնում, նրանք տեսնում են զինուորների հասարակութիւն, կրօնականացուած հասարակութիւն եւ մի հասարակութիւն, որ պիտի շարունակի պահպանել իրենց իշխանութիւնը»:

Արէն Մանուկեան կը հասկնայ, թէ ինչու իշխանութիւնը հիմա նախաձեռնած է այս օրէնքի ընդունումը. «Իրենց յոյսն այն է, որ դիմադրութիւն քիչ է լինելու»:

Նշենք, որ բանախօսները զուարճալի համարած են իշխանութեան այն պնդումը, թէ օրինագիծի քննարկումը պէտք չէ քաղաքականացնել։

Ուսանողութիւնը վստահ է, որ պիտի չտապալի օրէնքին դեմ պայքարին մէջ: Եթէ իրենք տապալին, պիտի տապալի նաեւ պետութիւնը։

Նշենք նաեւ, որ այսօր Երեւանի մէջ ուսանողները բողոքի ցոյց կազմակերպած են օրինագիծին դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment