Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հակառակ Հայ Զինծառայողի Սպանութեան, Հայկական Կողմը կը Շարունակէ Խաղաղ Կարգաւորման Կողմնակից Մնալ

Հակառակ Հայ Զինծառայողի Սպանութեան, Հայկական Կողմը կը Շարունակէ Խաղաղ Կարգաւորման Կողմնակից Մնալ

by MassisPost

Հակառակ նախօրէին ղարաբաղեան շփման գիծին վրայ ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հայ զինծառայողի սպանութեան, որ յաջորդեց ընդամէնը 4 օր առաջ Ժնեւի մէջ կայացած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման, պաշտօնական Երեւանը կը շարունակէ պնդել, որ ղարաբաղեան հարցը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով։

Այցով Երեւան գտնուող Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վիթոլտ Վաշչիքովսքիի հետ հանդէս գալով յայտարարութեամբ, այսօր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան ընդգծած է, որ լեհ գործընկերը համակարծիք է իր այն պնդման հետ, որ խնդիրը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով։

«Ցաւօք Ժնեւում կայացած գագաթնաժողովից յետոյ տարբեր շահարկումներ են հնչում Պաքուից, եւ զինադադարի խախտումները շփման գծում շարունակուում են, ինչի հետեւանքով երէկ զինուոր է զոհուել: Մենք համակարծիք ենք Լեհաստանի արտգործնախարարի հետ, որ ԼՂ խնդրի՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքների վրայ հիմնուած բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանն այլընտրանք չկայ»,- յայտնած է Նալպանտեան:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ իր լեհ գործընկերոջ ներկայացուցած է ղարաբաղեան բանակցութիւններու ընթացքը, շեշտելով, որ խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքեր կը գործադրեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբն ու Հայաստանը։ Վիթոլտ Վաշչիքովսքի իր հերթին նշած է, որ Հայաստան եկած է ոչ միայն որպէս Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար, այլեւ որպէս ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչ։ Ան նշած է, որ շուտով պիտի կայանայ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի գագաթնաժողովը, եւ Կովկասի մէջ անվտանգութեան խնդիրները նոյնպէս կը հետաքրքրեն զիրենք։

«Մենք նաեւ քննարկեցինք անվտանգութեան խնդիրներ: Յաջորդ տարի, հաւանաբար Մայիսին, տեղի պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի հերթական գագաթնաժողովը: Այժմ ՆԱԹՕ կ’աշխատի հիմք ընդունելով 360 աստիճանի մօտեցումը, այլ խօսքով, կը դիտարկէ սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները բոլոր ուղղութիւններով: Եւ ես այստեղ եմ նաեւ, որպէսզի լսեմ հայ քաղաքական գործիչներու տեսակէտները Կովկասի մէջ անվտանգութեան իրավիճակին վերաբերեալ»,- յայտարարած է Լեհաստանի ԱԳ նախարարը:

Ան անդրադարձած է նաեւ 24 Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին, որուն ընթացքին նախատեսուած է ԵՄ-ի ու Հայաստանի միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումը: Այն պիտի փոխարինէ նախկին Մերձեցման համաձայնագիրին, որուն ստորագրումը տապալած էր Ռուսիոյ նախաձեռնած Մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի անակնկալ որոշման պատճառով:

Կարեւորելով ԵՄ ԱԳ յառաջիկայ գագաթնաժողովը,  Վաշչիքովսքի Ուրբաթ օր Երեւանի մէջ յայտարարած է. «Մենք քննարկեցինք յայտարարութեան բնագիրը, քննարկեցինք, թէ ինչպէս կարելի է բարելաւել Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը, հաշուի առնելով Լեհաստանի ցանկութիւնները եւ յոյս ունիմ՝ նաեւ Հայաստանի ցանկութիւնները: Նաեւ այն, թէ ինչպէս կարելի է այդ ծրագիրին մէջ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան իրական հեռանկարներ ստեղծել, քանի որ տակաւին Արեւելեան գործընկերութիւնը հեռու է կատարեալ գործիք ըլլալէ, չառաջարկելով անդամակցութեան իրական հեռանկար»:

Երկու նախարարներն այսօր միայն յայտարարութիւններով հանդէս եկած են, լրագրողներուն հարցեր տալու հնարաւորութիւն չէ տրուած։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ հայ-լեհական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակէն գոհ է, սակայն կողմերը կը կարծեն, որ պէտք է օգտագործուի նաեւ տնտեսական ոլորտի մէջ առկայ ներուժը։ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարարն իր հերթին կարեւորած է տնտեսական ոլորտի մէջ համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը, շեշտելով, որ յառաջիկայ բանակցութիւններուն հայ գործընկերներուն պիտի ներկայացնէ, թէ լեհական որ ընկերութիւնները հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ աշխատելու առումով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment