Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուած է Հանրաքուէի Մասին Օրէնքի Նախագիծին

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուած է Հանրաքուէի Մասին Օրէնքի Նախագիծին

by MassisPost

Հայաստանի Կառավարութիւնն Հինգշաբթի օրուայ նիստին հաւանութիւն տուած է հանրաքուէի մասին օրէնքի նախագիծին, որ նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ քաղաքացիներուն հանրաքուէի օրինագիծեր դնել:

Օրէնքի անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է երկու տարի առաջ փոփոխուած Սահմանադրութեամբ, Գործադիրի նիստին յայտնած է նախագիծը ներկայացնող Արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան. – «Գաղափարը հետեւեալն է, որ 50 հոգանոց նախաձեռնող խումբ կարող է ստեղծուել, որը գրանցուում է որպէս նախաձեռնող խումբ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովում, որից յետոյ սկսուում է ստորագրութիւնների հաւաքման գործընթացը: Ստորագրութիւնների քանակը յստակօրէն նախատեսուած է սահմանադրութեամբ: Փուլ, որը նախատեսում է ստորագրութիւնների վաւերացման ստուգում եւ յետագայ գործընթացը հանրաքուէի հետ կապուած»:

Քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու կողմէ ներկայացուած օրէնքի նախագիծերը կրնան դրուիլ հանրաքուէի, եթէ անոր ընդունումը Ազգային ժողովի կողմէ մերժուած է: Անկէ ետք ընտրելու իրաւունք ունեցող 300 հազար քաղաքացիի միանալու պարագային քաղաքացիական նախաձեռնութեան լիազօր ներկայացուցիչը դիմած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով, ստորագրութիւններու վաւերականութեան հաստատման համար: Այնուհետեւ նախագիծը պէտք է ներկայացուի Սահմանադրական դատարան, եւ միայն գլխաւոր օրէնքին չհակասելու պարագային, նախագահի կողմէ նախագիծը պիտի դրուի հանրաքուէի:

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցի կարծիքով, ստորագրութիւններու բարձր շեմը ինչպէս նաեւ օրէնքով նախատեսուած բարդ գործընթացը գործնականին մէջ անհնար կը դարձնեն քաղաքացիներու կողմէ որեւէ հարց հանրաքուէի դնելու հնարաւորութիւնը: – «Մի քանի այսպէս կոչուած ֆիլթրեր կան, որոնք ամբողջութեամբ գտնուում են քաղաքական կայուն մեծամասնութեան ձեռքին, որը ոչ թէ որոշումը կը կայացնի իրաւական հարթութեան վրայ կամ սահմանադրականութեան տեսակէտից, այլ քաղաքական նպատակայարմարութիւնից ելնելով, ինչպէս մենք տեսանք ԵԱՏՄ-ից դուրս գալու «Ելք» դաշինքի նախաձեռնութեան հետ կապուած», – մեկնաբանած է իրաւապաշտպանը:

Նոյնիսկ ստորագրութիւններու անհրաժեշտ քանակի ապահովման պարագային ոչ բոլոր հարցերը կրնան քաղաքացիական նախաձեռնութեամբ դրուիլ հանրաքուէի: Արդարադատութեան նախարարն այսօր թուարկած է բացառութիւնները. – «Սահմանուած է այն հարցերի շրջանակը, որոնք ընդհանրապէս չեն կարող կարգաւորուել հանրաքուէի միջոցով: Խօսքը վերաբերում է սահմանադրական օրէնքների իրաւակարգաւորման ոլորտին, խօսքը վերաբերում է պիւտճէին, հարկերին, տուրքերին, այլ պարտադիր վճարներին, պետութեան անվտանգութեան հետ կապուած հարցերին, համաներմանը, միջհամայնքային միաւորումներին եւ երկրի վարչատարածքային բաժանմանը, նախարարութիւնների քանակին եւ կառավարութեան գործունէութեան կարգին»:

Ինչո՞ւ քաղաքացիները չեն կրնար հանրաքուէով կարծիք յայտնել, օրինակ, հարկերու եւ պիւտճէի մասին, սահմանափակումներու վերաբերեալ զարմանք կը յայտնէ իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունց․ – «Ի վերջոյ, վերջին որոշումը պէտք է կայացնի հանրութիւնը, որը քուէարկելու է հանրաքուէի միջոցով: Այսինքն, տրամաբանութիւնը՝ այդ որոշակի հարցերի վերաբերեալ հանրաքուէի դնելու արգելքը՝ բացակայում է»:

Օրէնքի վերջնական ընդունման պարագային, հակառակ անոր, որ անով նախատեսուած բարդ մեխանիզմները հասարակական կազմակերպութիւնները պիտի գնահատեն իրենց հնարաւորութիւնները եւ հնարաւոր է, որ փորձեն ստորագրահաւաք սկսիլ որոշ օրինագիծեր հանրաքուէի դնելու համար, «Ազատութեան» փոխանցած է իրաւապաշտպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment