Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԽ Տեղական իշխանութիւններու Քոնկրէսին Մէջ Պիտի Քննարկուի Երեւանի Ընտրութիւններու Մասին Դիտորդներու Զեկոյցը

ԵԽ Տեղական իշխանութիւններու Քոնկրէսին Մէջ Պիտի Քննարկուի Երեւանի Ընտրութիւններու Մասին Դիտորդներու Զեկոյցը

by MassisPost

Եւրոխորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրէսին մէջ այսօր քննարկման պիտի դրուի եւրոպացի դիտորդներու զեկոյցը Երեւանի աւագանիի վերջին ընտրութիւններուն մասին:

Մայիսին կայացած քուէարկութենէն ետք միջազգային դիտորդական խումբն արձանագրած է, որ «ընտրութիւններն, ընդհանուր առմամբ, կայացան միջազգային չափանիշներուն համապատասխան, սակայն մտահոգիչ շարք մը խնդիրներ կը շարունակեն մնալ չլուծուած»:

Այս շարքին մէջ առաջին հերթին նշուած են ընտրացուցակները, որոնք, ըստ զեկոյցի, կը շարունակեն ներառել փաստացի դուրսը բնակող բազմաթիւ քաղաքացիներու անուններ:

«Ընտրացուցակներու ճշգրտութիւնը պէտք է բարելաւուի», – արձանագրած է զեկոյցը, աւելցնելով.- «Ցուցակներուն մէջ ներառուած ընտրողները պէտք է իրական կապ ունենան այն համայնքներուն հետ, ուր ընտրութիւն կը կատարեն, եւ տեղական հարցերը պէտք է որոշուին այն քաղաքացիներու կողմէ, որոնք այդ պահուն կ’ապրին այդ համայնքներուն մէջ»:

յաջորդ յանձնարարականով, զեկոյցը կոչ ուղղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն վերանայելու թեկնածուներու գրանցման մասին դրոյթները, հնարաւորութիւն տալով, որ որեւէ կուսակցութիւն չներկայացնող անկախ թեկնածուները նոյնպէս մասնակցին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն:

yerevan electionsԱրձանագրելով, որ հայաստանեան հասարակութիւնն ընդհանուր առմամբ յոգնած է եւ թերահաւատօրէն կը վերաբերի ընտրական գործընթացներուն, եւրոպացի դիտորդները նշած են. – «Քաղաքացիներու վստահութիւնն ամրապնդելու համար Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնեն ձայներու գնման ու վարչական միջոցներու չարաշահման մասին հաղորդումներուն»:

Դիտորդական պատուիրակութիւնը, մասնաւորապէս, պնդած է, թէ մայիսեան քուէարկութենէն առաջ բողոքներ լսած է դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ որոշ սեփական ընկերութիւններու մէջ աշխատակիցներու վրայ բանեցուող ճնշումներուն մասին:

«Ձայներու գնման ու վարչական միջոցներու չարաշահման դէմ պայքարելու հարցին մէջ քաղաքական կամքի պակասն ու այդ խախտումներուն վերաբերեալ ապացոյցներ հաւաքելու դժուարութիւնը թոյլ չեն տար, որ դատական համակարգը արդիւնաւէտ եւ համարժէք պատժամիջոցներ սահմանէ: Արդիւնքն այն է, որ Հայաստանի մէջ վստահութեան խոր պակաս կայ իրաւապահներու եւ, ընդհանուր առմամբ, ընտրական գործընթացի նկատմամբ»,- արձանագրած են միջազգային դիտորդները, աւելցնելով, որ աւագանիի վերջին ընտրութիւններուն մասնակցութեան ցած աստիճանը կը յուշէ քաղաքական անտարբերութեան բարձր աստիճանի ու քաղաքական համակարգի հանդէպ անվստահութեան մասին:

Զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ, որ խորհրդարանական ընտրութենէն ընդամէնը մէկ ամիս անց տեղական ընտրութիւններու կազմակերպումը չի նպաստեր անոնց նկատմամբ հետաքրքրութեան աճին ու թափանցիկութեան ապահովման:

Ըստ այնմ, Եւրոխորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու Քոնկրէսը կոչ ուղղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, տեղական ընտրութիւններու մէկ միասնական օր սահմանել, որ խորհրդարանական քուէարկութենէն առնուազն վեց ամիս անց պէտք է ըլլայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment