ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան, լրագրողներուն յայտնած է որ, ՄԱԿ-ի կանխատեսումներով Հայաստանի բնակչութիւնը 2035 թուականին յոռեգոյն պարագային պիտի կազմէ 2.5-2.6 միլիոն, իսկ լաւագոյն պարագային 3.2 միլիոն: Իսկ, ինչ կը վերաբերի նախագահ Սերժ Սարգսեանի 4 միլիոն բնակչութիւն ունենալու մասին խոստումներուն, ՄԱԿ-ի ուսումնասիրութիւնը այդ կը նկատէ անիրականանալի:
Վերջին տարիներուն Հայաստանի ոչ պետական շրջանակներու եւ սփիւռքահայութեան մօտ շօշափուող ամենէն հրատապ հարցը երկրի բնակչութեան թիւի օրըստօրէ նուազումն է, անկէ ծնող լրջագոյն հետեւանքներով:
Իշխանութեան ներկայացուցիչները, շատ հազուադէպ առիթներով կ’անդրադառնան արտագաղթի եւ բնակչութեան թիւի մասին, որ բնականաբար կապուած է ընկերային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու մէջ իրենց վարած քաղաքականութեան ձախողութեան հետ, մղելով Հայաստանի բնակչութեան մէկ ստուար մասը հեռանալու իրենց հայրենիքէն:
Վերջերս այս մասին սկսած է անդրադառնալ նախագահ Սերժ Սարսգեան, մի քանի առիթներով յայտարարելով, որ մինչեւ 2040 թուականը Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի հասնի 4 միլիոնի, խօսելով նոյնիսկ հայրենադարձութեան մասին: Նախագահի այս խոստումներուն թերահաւատութեամբ կը մօտենան շատ-շատեր, եւ ինչպէս ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը ըսած է, այդ թիւը «անիրականանալի» է:
Հայաստանի պարագային բնակչութեան թիւի բարձրացումը պայմանաւորուած է հիմնականին մէջ երկու գործօններով` արտագաղթի կասեցում եւ ծնելիութեան թիւի բարձրացում: Հայրենադարձութիւնը կու գայ ամենէն վերջը, երբ երկրի բնակչութեան աճը կայունութեան նշաններ կը սկսի ցոյց տալ:
Այսօրուայ դրութեամբ երեք ուղղութիւններով ալ չկան յստակ մշակուած ծրագիրներ, որոնց հիման վրայ կարելի ըլլայ վարել երկարաշունչ եւ հետեւողական քաղաքականութիւնª` առնուազն մօտենալու համար նշուած թիւերուն: Մնացեալը օդին մէջ նետուած ամբոխավարական խօսքերու սահմանէն անդին չեն անցնիր:
Նախ պէտք է կասեցնել արտագաղթը եւ ապա միայն խօսիլ հայրենադարձութեան մասին:
«ՄԱՍԻՍ»