Նորվեկիական «Aftenposten» թերթն ընդարձակ յօդուած հրապարակած է ԵԽԽՎ-ի մէջ Ատրպէյճանի կաշառակերութեան մասին: Թերթը հետաքննութիւն կատարած է, պարզելով ատրպէյճանական կաշառակերութեան նախագիծերը:
«Aftenposten» պատմած է, որ կաշառելու համար Ատրպէյճան կ’ընտրէ տարեց պատգամաւորները, որոնք այլեւս հեռանկար չունին սեփական երկիրներուն մէջ: «Խաւիարային դիւանագիտութեան» նախագիծը հետեւեալն է. նախ եւրոպացի պատգամաւորները կը հրաւիրեն Պաքու համաժողովի: Զանոնք կը դիմաւորեն լիմուզիններով, կը տանին Պաքուի լաւագոյն հիւրանոցներու շքեղ սենեակները, կը կերակրեն լաւագոյն եւ թանկարժէք ուտելիքներով, իսկ վերադարձին կը նուիրեն ոսկէ ժամացոյցներ, գորգեր, քիլօկրամներով խաւիար:
Այս մեխանիզմը ԵԽԽՎ գլխաւոր քարտուղարին 2009 թուականին պատմած է կառոյցին մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Արիֆ Մամատով: Վերջինս այժմ Եւրոպա կ’ապրի եւ կը վախնայ իր անվտանգութեան խաթարումէն:
Եակլանտ Աֆթենփոսթընին պատմած է. «Կը մտածեմ, թէ ինչպէս դեսպանը կրնայ այդպէս խօսիլ իշխանութիւններուն մասին, զորս կը ներկայացնէ: Ամէն անգամ դուրս կու գայի աշխատասենեակէս, լսածէս զարմացած»: 2012 թուականին Եակլանտ հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ ատրպէյճանական խաւիարային դիւանագիտութիւնը սպառնալիք է ԵԽԽՎ անկախութեան: Թերթը գրած է, որ հակառակ անոր, որ Եակլանտ բազմիցս քննադատած է Ատրպէյճանը մարդու իրաւունքներու խախտման համար, սակայն խաւիարային դիւանագիտութեան հարցը չէ բարձրացուցած:
Թերթը յիշել տուած է, որ 2006 թուականին Ատրպէյճանի հարցով զեկուցող Անտրէաս Կրոս 2006 թուականին Ատրպէյճանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէ ետք առաջարկած է Ատրպէյճանը զրկել ձայնէն, սակայն ԵԽԽՎ պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկած է: Կրոս հրաժարած է աշխատանքը շարունակելէ: Զինք փոխարինած է Ատրպէյճանի հանդէպ դրական տրամադրուած Մալթայի ներկայացուցիչը: Անկէ ետք Ատրպէյճանի հասցէին քննադատութիւնը ոչ միայն դադրած է, այլեւ սկսած են գովել բռնատիրական վարչակարգը:
Աֆթենփոսթըն զրուցած է ԵԽԽՎ շարք մը պատգամաւորներու հետ, որոնք կապուած են խաւիարային դիւանագիտութեան հետ: Ոմանք ափսոսանք յայտնած են, որ թանկարժէք նուէրներ ընդունած են: Անոնք պատմած են, որ ամէն տարի Ատրպէյճան հրաւիրուած են 30-40 եւրոպացի քաղաքական գործիչներ: Նուէրներէն բացի անոնք նաեւ 50 հազարական եւրօ ստացած են Ատրպէյճանի օգտին հանդէս գալու եւ քուէարկելու համար: