Հայաստանի ԱԺ պետական-իրաւական եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի 18 Հոկտեմբերի նիստի օրակարգին մէջ ներառուած է ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արտաշէս Գեղամեանի եւ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած ընդհարման հարցով բարոյագիտական յանձնաժողով ստեղծելու մասին հարցը:
Օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցը ունի հետեւեալ անուանումը. «Հայաստանի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արտաշէս Գեղամեանի կողմից 2017թ. Հոկտեմբերի 5-ին «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքի 4-րդ յօդուածի 1-ին մասի 4-րդ կէտի եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորի գործունէութեան երաշխիքների մասին» ՀՀ օրէնքի 3-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին, 2-րդ, 6-րդ, 7-րդ, 8-րդ կէտերով նախատեսուած պատգամաւորական էթիկայի կանոնները խախտելու վերաբերեալ» Ազգային ժողով եզրակացութիւն ներկայացնելու համար ԱԺ էթիկայի ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու մասին»:
Հիմնական զեկուցողը «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արտակ Զէյնալեան է, իսկ յարակից զեկուցողը` յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Ռուստամ Մախմուդեան: